Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2022-ը անմոռանալի ու տօնական օր մը հանդիսացաւ քեսապահայութեան համար։
Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ, հովուական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ քեսապահայութեան։ Քեսապահայութիւնը, Քեսապի հրապարակ հաւաքուած, ցնծութեամբ ընդունեց սրբազան հայրը։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջը կ’աւետէր սրբազան հօր ժամանումը։
ՀՄԸՄ-ի Քեսապի Մասնաճիւղի փողերախումբի հնչեղ կատարումով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնը։

Սրբազան հայրը Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տ. Անդրանիկ վարդապետ Քիւրիւմլեանի եւ դիմաւորութեան ժամանած պետական եւ ազգային շգախումբին ընկերակցութեամբ, դպրաց դասուն շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

Սրբազան հայրը առ Աստուած գոհաբանական աղօթքը կատարելէ ետք, սրտի խօսքն ու պատգամը ուղղեց հաւաքուած ժողովուրդին։ Ապա եկեղեցւոյ կից, «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ՝ Համազգայինի Համօ Օհանջանեան Մասնաճիւղի «Կիլիկիա» երգչախումբին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն նուիրուած համերգը, խմբաւարութեամբ հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եւա Պետրճիքեանի։ Համերգը սկսաւ սրբազան հօր օրհնաբեր ներկայութեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Համօ Օհանջանեան Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սթիւ Պէօճիկեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ բոլոր ներկաներուն, ապա նշեց որ երգչախումբը կարճատեւ ժամանակի ընթացքին (մէկ ու կէս ամսուան ընթացքին) պատրաստուեցաւ համերգին։ Ան ձեռնարկին յաջողութիւնը վերագրեց խմբավարին, յանձին՝ Անդրանիկ Վ. Քիւրիւմլեանին, դաշնակահարուհիին՝ Էւա Պետրճիքեանին, ինչպէս նաեւ երգչախումբի 50 անդամներուն ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքին։ Ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն երգչախումբին ելոյթը լաւագոյնս իրագործելու։
Համերգը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, երգչախմբային յատուկ մեկնաբանութեամբ, որուն յաջորդեցին Ս. Ծննդեան եւ Ամանորին նուիրուած շարականներ ու երգեր։ Յատկանշական էր Ամանորի զուարթ երգերուն տհոլի ընկերակցութիւնը, որ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց ու հարստացուց երգչախումբին կատարումը։
Տպաւորիչ էր համերգի աւարտին հնչած «Փառք Քեզ Աստուած» երգը, մենակատարութեամբ հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, ընկերակցութեամբ երգչախումբին։ Հայր սուրբին հոգեթով մեկնաբանութիւնը աստուածային օրհնութեամբ ներշնչեց հանդիսականները։
Մէկուկէս ժամ տեւող համերգի աւարտին, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց հայր սուրբը՝ իր տարած անսակարկ ծառայութեան եւ համերգը յաջողութեամբ պսակելուն համար։ Ինչպէս նաեւ յուշանուէր յանձնեց դաշնակահար Էւա Պետրճիքեանին, որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն։

Ընթերցուեցան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի շնորհաւորագրերը։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր սրտի խօսքը ուղղելու։ Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնն ու հոգեկան հրճուանքը յայտնեց իր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած համերգին համար եւ գնահատանքի ու քաջալերանքի իր հոգեպարար խօսքը ուղղեց «Կիլիկիա» երգչախումբի անդամներուն եւ ներկայ ժողովուրդին։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց հայր սուրբին, երգչախումբի խմբավարութիւնը բծախնդրօրէն կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ դաշնակահարին։ Ապա վեր առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան մշակութանուէր ծառայութիւնը եւ երգչախումբի անդամներուն կատարումը գնահատեց։
Համերգը իր աւարտին հասաւ, «Կիլիկիա» մաղթերգի երգչախումբին եւ ներկաներուն միատեղ երգեցողութեամբ։

Սեւան Ա. Մանճիկեան