ՄԱԿ-ի Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքին յայտարարած է, որ Լաչինի միջանցքի մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի յայտարարութիւնը չէ ընդունուած Ֆրանսայի անբարեխիղճ գործողութիւններուն, այլ ոչ թէ Ռուսիոյ դիրքորոշման պատճառով, ինչպէս փորձած են պնդել որոշ հայկական թելեկրամեան ալիքներ։

«Չեմ կրնար չնշել շարք մը հայկական Telegram ալիքներու կողմէն տարածուած Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի մասին մամուլի համար ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին յայտարարութիւն չընդունելու պատճառներուն մասին տեղեկատուութեան բացարձակապէս կեղծ ներկայացումը։ Սկիզբէն մենք վճռական էինք կառուցողական աշխատելու Անվտանգութեան Խորհուրդի պատասխանի մշակման համար: Երեւանի խնդրանքով այս գործընթացը համակարգած են ֆրանսացիները, որոնք անտեսած են մեր առաջարկներուն ճնշող մեծամասնութիւնը՝ միաժամանակ նկատի առնելով Անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն ուղղումները։ Փարիզի կողմէն նման քայլերու անբարեխղճութիւնը ակնյայտ է», ըսած է ան։

Փոլիանսքին աւելցուցած է, որ ռուս խաղաղապահները ոչ թէ խոսելով, այլ գործով զբաղած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւուրոմով։

Անոր խօսքին համաձայն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը յայտարարութեան նախագիծի հեղինակները բնաբանին մէջ չեն նշած «այդ փաստաթուղթերուն նշանակութիւնը եւ ռուս խաղաղապահներուն դերը»:

Դիւանագէտը յոյս յայտնած է, որ «հայ ընկերները թոյլ չեն տար իրենց ներքաշել անբարեխիղճ աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ»: Ըստ Փոլիանսքիին, «իրենք հաստատապէս կը հաւատան, որ Խորհուրդի պատասխանը պէտք է օգնէ գտնել փոխզիջում եւ վերսկսիլ խաղաղութեան գործընթացը՝ առանց որեւէ կողմը պիտակաւորելու»:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Դեկտեմբերի կէսերէն փորձած էր համաձայնութեան գալ Լաչինի միջանցքին տիրող իրավիճակին մասին ընդհանուր յայտարարութեան շուրջ: