«Ապառաժ»._Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները։
«Անցնող տարուան Հոկտեմբերին Փրակի եւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Հայաստանը պաշտօնապէս ճանչցաւ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Կը կարծեմ, որ անկէ վերջ բոլոր պայմանները ստեղծուեցան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար, եւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ Ատրպէյճանի կողմէն առաջարկուած յայտնի հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսած է Ալիեւ՝ Աշխարհի ատրպէյճանցիներու համերաշխութեան օրուան եւ Ամանորի առիթով։