Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2023-ին «Գանձասար» այցելեց Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեանը եւ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթիանի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց խմբագրութեան «Գանձասար» շաբաթաթերթի 30-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթներով։
«Գանձասար»-ի խմբագիրը շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատեց համայնքի վերականգնումին համար տարուող աշխատանքները եւ մաղթեց որ Նոր տարին ըլլայ յառաջընթացի ու խաղաղութեան տարի մը։

Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան այս առիթով Գերապայծառին կողմէ «Գանձասար»-ին նուիրեց Մեսրոպ Հայունիի «Դանիէլ Վարուժան Հոգեկանութեան Ծիրէն Ներս» ծաւալուն հատորը, հրատարակուած Այնճար, 2022-ին, որպէս Մեսրոպ Մաշտոց մատենաշարի 17-րդ հրատարակութիւն, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւններուն 2023-ի տարեկան օրացոյցէն օրինակ մը։