ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՌԱՍՊԵԼ ՓԷԼԷՆ ՈՉ ԵՒՍ Է 
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց 82-ամեայ աշխարհահռչակ պրազիլցի ֆութպոլիստ Փէլէն: Հանրածանօթ խաղացողը 30 Նոյեմբերին մարմնային եւ սրտի որոշ անհանգստութեան պատճառով տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր  մասամբ բուժուելէ ետք վերադարձած էր տուն. 21 Դեկտեմբերին անոր մօտ յայտնաբերուած էր հաստ աղիքի քաղցկեղ, զոր օրըստօրէ տարածուած էր ամբողջ մարմինին մէջ: Ան կրկին տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր միաժամանակ երիկամներու եւ սրտի նոր հարցեր դիմագրաւած:
Փէլէն դարձած էր համաշխարհային ֆութպոլի արքայ եւ միակ խաղացողն է, որ մինչ օրս երեք անգամ արժանացած էր աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ 1958-ին, 1962-ին, եւ 1970-ին:
ՔՐԻՍՏԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕ ՄԻԱՑԱՒ ԱԼ-ՆԱՍՐ ԽՈՒՄԲԻՆ 
Փորթուկալի հաւաքականի յարձակողական խաղացող Քրիստիանօ Ռոնալտօ տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ  ալ-Նասր խումբ: Այդ մասին յայտարարեց արաբական ակումբի կայքէջը: Ռոնալտոյի պայմանագրութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ գովազդային նիւթական մուտք, իսկ իւրաքանչիւր մրցաշրջան ան պիտի ստանայ 200 միլիոն եւրօ, որ ֆութպոլի պատմութեան մեջ բարձրագոյն գումարն է։ Ըստ Marca թերթին, 37-ամեայ ֆութպոլիստի աշխատավարձքը սէուտական ակումբի հետ կնքած պայմանագրութեամբ կը կազմէ 100 միլիոն եւրօ, իսկ մնացեալ գումարը պիտի ստանայ գովազդներէ: Ռոնալտոյին պայմանագրութեան ժամկէտը սահմանափակուած է 2,5 տարիով, որմէ ետք ան պիտի դառնայ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան 2030-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու ընդունելութեան համար: Յիշեցնենք, որ փորթուկալցի ֆութպոլիստը այս տարուան Նոյեմբերին հեռացուեցաւ անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի ակումբէն մամլոյ տուած իր հարցազրոյցին համար:
Քաթարի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի վերջին առաջնութեան ան Փորթուկալի հաւաքականին հետ նշանակեց միայն մէկ կոլ:
ԷՄՊԱՓՓԷՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՅԱՐՁԱԿՈՂԱԿԱՆ ԽԱՂԱՑՈՂԸ ԴԱՐՁԱՒ
2022-ի աշխարհի լաւագոյն յարձակողական խաղացողը աշխարհի փոխախոյեան, Ֆրանսայի հաւաքականի եւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի 24-ամեայ խաղացող Քիլիան Էմպափփէն է: Ակումբային եւ հաւաքականներու մրցաշարքերուն Էմպափփէն մասնակցած է 56 հանդիպման եւ նշանակած է նոյնքան կոլ: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի նորեկ, Նորվեկիոյ հաւաքականի 22-ամեայ յարձակող Էրլինկ Հալանտը, որ տարուան առաջին կիսուն մաս կազմած էր Գերմանիոյ Պորիսիա Տորթմոնտին: Ան մասնակցած է 43 հանդիպման եւ նշանակած՝ 46 կոլ։ Լաւագոյն եռեակը եզրափակեց Սպանիոյ Պարսելոնայի լեհ մարզիկ Ռոպերթ Լեվանտովսքին, որ 51 խաղի ընթացքին նշանակեց 42 կոլ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան