«Գրականութիւնը եւս մտածողութեան ձեւ մըն է, եւ ամէնէն հիմնականներէն, եւ չեմ կարծեր որ աշխարհը անկէ կրնայ հրաժարիլ, յատկապէս որովհետեւ գրական մտածելակերպը,- պատումներու, պատմուածքներու, չափածոյի, երկխօսութեան կամ մենախօսութեան ձեւով,- արդէն շատ դարերէ ի վեր մեզի հետ է: Բաներ կան որ գիտենք միայն որովհետեւ գրականութիւնը մեզի ցոյց տուած է, կամ թոյլատրած է որ գիտակցինք անոնց մասին եւ ճանչնանք զանոնք»։ Խավիէր Մարիաս, «Աղքատ Համընկնում մը», Էլ Փաիս, 15 Դեկտեմբեր 1997 (Javier Marias, «Un pobre cerillo», El Pais, 15 de diciembre 1997)
«Բա՛ւ է աշխարհում անվերջ թափառող
Հարազատներին
Հայրենի երկրում տալ մի պատառ հո՛ղ.
Թէկուզ եւ փոքրիկ, թէկուզ եւ խոպան,
Թէկուզ եւ լինի նա մութ գերեզման,
Տալ մի պատառ հո՛ղ,
Որպէսզի օտար ու ցուրտ հողերում
Մեր մեռելների հոգին չմսի.
Տալ մի պատառ հո՛ղ,
Որպէս զի դողդոջ մեր մանուկների
Վարդ շրթների վրայ,
Չսառի մեր բարբա՜ռը հնօրեայ…» (Անդրանիկ Ծառուկեան, Թուղթ առ Երեւան, 1945)
«Ամբողջ երեսուն տարի Սփիւռքը իր կարելին եւ անկարելին ըրաւ Հայաստանի համար, շատ յաճախ «իր բերնէն կտրեց» Հայաստան ղրկելու, ինչպէս էր պարագան կարգ մը անգլերէն հանդէսներու, որոնք թէեւ շատ կարեւոր էին հայ գրականութիւնը տարածելու առումով (RAFT, Ararad), բայց դադրեցան:
Փոխարէնը ի՞նչ ուզեց Սփիւռքը Հայաստանէն. ուզեց որ իր հայրենիքը բարգաւաճ ըլլայ, ուզեց որ ապահով ըլլայ այսօրուան եւ գալիք սերունդներուն համար,- մանաւանդ որ երեք կողմէ թշնամիներով շրջապատուած է,- ուզեց որ այս երկիրը լաւագոյնը ըլլայ իրեն եւ բոլոր հայերուն համար, առանց մենք-դուք-ի, ներս-դուրս-ի, ախպարներու թէ արեւելա-արեւմտա-ի տարբերութիւններուն:» (Մարուշ Երամեան, «Շարունակուող աղէտներ», «Գանձասար», 23 Սեպտեմբեր 2022)
Եօթանասունեօթ տարիներ կը բաժնեն այս երկու պարբերութիւնները երկու տարբեր գրութիւններու մէջ, առաջինը ընդարձակ քերթուած, երկրորդը՝ յօդուած, բայց երկու գրութիւններն ալ միեւնոյն միտք ի բանին կ’արտայայտեն՝ «ի՞նչ ուզեց Սփիւռքը Հայաստանէն», ինչպէս բառացի բանաձեւուած է երկրորդ գրութեան մէջ:
Թուղթ առ Երեւանը Անդրանիկ Ծառուկեանի պատասխանն է Գէորգ Աբովի «Մենք չենք մոռացել» չափածոյ գրութեան, որ խորհրդահայ հակադաշնակցական ամբողջ գրականութեան մէջ թերեւս ամէնէն Սթալինաբոյր կտորն է: Բայց ճիշդ չէ Ծառուկեանի պատասխանը ընկալել նեղ կուսակցական պարունակին մէջ: Թուղթ առ Երեւանը գրուած է ոչ միայն որպէս պաշտպանութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, միաժամանակ արտայայտած է նաեւ Սփիւռքեան ամբողջ էթոս մը, որ Ցեղասպանութեան վերապրած սերունդի՛նը եղած է. հայրենիք վերադառնալու իրաւունք եւ կարելիութիւն, առանց որուն «մեռելների հոգին» կը մսի օտարութեան մէջ, իսկ մատղաշ սերունդները կը մոռնան իրենց լեզուն:
Թուղթ առ Երեւանը լոյս տեսած է Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան նախաձեռնած Ներգաղթէն մէկ տարի առաջ: Որեւէ սփիւռքահայ որ փափաքէր արձանագրուիլ ներգաղթողներու ցանկին պարտաւոր էր փաստել որ կապ չէ ունեցած կամ կապերը խզած է Դաշնակցութեան հետ, յաճախ հրապարակային կերպով: Իսկ եթէ այդ պայմանաւորումը չըլլար, եթէ Ներգաղթը խտրականութիւն չդնէր Դաշնակցականի եւ ոչ-Դաշնակցականի միջեւ, արդեօ՞ք աւելի զանգուածային կրնար ըլլալ այն, արդեօ՞ք կրնար նուազ թշուառ եւ մինչեւ իսկ ողբերգական ըլլալ ներգաղթածներուն հետագայ ճակատագիրը, եւ արդեօ՞ք Դաշնակցութեան եւ իր համակիր լայն զանգուածին համար իրականացած կ’ըլլար Ծրագրային առնուազն մէկ դրոյթ՝ հայահաւաքը: Հարցումներ են որոնց պատասխանը միայն հակաիրողական (counterfactual) մտամարզանք կրնայ ըլլալ:
Յատկանշականը սակայն Ծառուկեանի քերթուածին մէջ Սփիւռքին համար հայրենադարձութեան իրաւունքէն եւ կարելիութենէն անդին հայրենիքէն ոչինչ ուզելն է: Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով գրականութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Ծառուկեան, քերթուածը գրած է արեւելահայերէն, շատ հաւանաբար զայն ընկալելի դարձնելու համար Աբովին, օրուան խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս, եւ թերեւս օր մը այն հասնէր հայրենի լայն զանգուածներու:
Արեւմտահայերէնը, փաստօրէն, այնքան ալ հրամայական չէր թուեր սփիւռքահայ մտաւորական-բանաստեղծին որքան հայրենադարձութիւնը, հոգ չէ թէ այն «հնօրեայ բարբառը», որ հայրենադարձուած մատղաշ սերունդին շրթերուն պիտի հնչէր ըլլար արեւելահայերէնը: «Սփիւռք» հասկացութիւնն ինքնին որպէս յղացք, որ պիտի կազմաւորէր իր ուրոյն յարացոյցը, հազիւ թէ շրջագայութեան մէջ դրուած էր Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին:
Մարուշ Երամեան կը գրէ անկախութեան երեսունմէկ տարիներու փորձառութեամբ, ընդ որում Սփիւռքը ոչ միայն անշահախնդիր այլեւ յաճախ ի վնաս իրեն անկախ Հայաստանին ղրկեց ամէն ինչ, եւ փոխարէնը ոչինչ ուզեց բացի որ հայրենիքը ապահով եւ բարգաւաճ ըլլայ, ըլլայ հայրենիքը համայն հայութեան: «Չեղաւ», դիտել կու տայ յօդուածին մէջ, քանի որ հայրենիքը բարգաւաճ ու ապահով չէ, իսկ ներազգային ոլորտին մէջ չկան միասնականութիւնն ու փոխադարձ վստահութիւնը: Հետեւաբար՝ «ի՞նչ ընենք» հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ:
Կը մնայ որ առաջին դէմք յոգնակի այդ «մենք»-ը, որուն ուղղուած է արդէն կայացած Սփիւռքի արեւմտահայերէն գրականութեան ամենաներկայացուցիչ դէմքերէն մէկուն բանաձեւած հարցումը, խնդրայարոյց է տակաւին: Պիտի ենթադրել որ Մարուշ Երամեան «մենք»-ով կը հասկնայ համայն հայութիւնը, այնպէս ինչպէս Սփիւռքը տասնամեակներ իտէալականացուցած էր իր ազգային-հաւաքական ինքնութիւնը՝ «առանց մենք-դուք-ի, ներս-դուրս-ի, ախպարներու թէ արեւելա-արեւմտա-ի տարբերութիւններուն», կրկնելու համար իր բառերը:
«Շարունակուող աղէտներ» յօդուածի լոյս ընծայումէն մէկ ամիս անց, Հոկտեմբեր 28-31, 2022-ին, տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յաձնակատարի կազմակերպած Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողովը: «Նոր ձեւաչափ»-ով, ինչպէս Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակը ամիսներ առաջ ծանուցեց, այս միջոցառումը ինքզինք ներկայացուց որպէս 1999-էն ի վեր կազմակերպուող Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովներէն խզում, որպէս «առաջին» գագաթնաժողով:
Ընդ որում, Սփիւռքէն հրաւիրուած մօտ 600 մասնակիցները ստացած էին անհատական հրաւէրներ, իսկ սփիւռքեան կառոյցները, որոնք սփիւռքեան համայնքներու հիմնասիւներն են, անտեսուած էին, եւ այս՝ ոչ թէ պայմանական այլ որպէս քաղաքականութիւն: Այլ խօսքով, պաշտօնականացուած է Սփիւռքի հանդէպ թիրախաւորուած խտրականութեան նորագոյն դրսեւորում մը, ոչ այքան «մենք-դուք» կամ «ներս-դուրս» կտրուածքով որքան Երեւանէն «Սփիւռք»-ը (վերա)սահմանելու փորձով համաձայն օրուան իշխանութիւններու պահանջներուն եւ ուղղութիւններուն:
Առ այդ, թերեւս ժամանակն է, որ կայացած Սփիւռքը, աշխարհացրիւ համայնքները որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր կազմաւորման եւ զարգացման պատմական եզակի գործընթացը եւ, շնորհիւ իր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն կը շարունակէ յարատեւել, «մենք»-ը սահմանէ ուրոյն, Սփիւռքեա՛ն, օրակարգի մը տրամաբանութեամբ, եւ Մարուշ Երամեանին հարցումը վերաբանաձեւէ ներկայի եւ մօտիկ ապագայի համար.
– Ի՞նչ կ’ուզէ/կրնայ ուզել Սփիւռքը Հայաստանէն:
Այս եղանակով բանաձեւուած հարցումը նախ կ’ենթադրէ կոտրել «մենք»-ը բացառաբար ազգային հաւաքական ինքնութեամբ սահմանելու թապուն: Սփիւռք ըլլալու գիտակցութիւն մը եղած է գոյավիճակային ինքնութեան իմաստով 1960-1980 թուականներուն, կազմաւորուած է օրին իրենց մտահորիզոնը բաց պահած, աշխարհի իմաստասիրական թէ քաղաքական յառաջդիմութեանց հաղորդակից ու մասնակից մտաւորական ընտրանիի մը կողմէ, որ վանեց ուծացման ու «ճերմակ ջարդ»-ի ուրուականը, եւ չվախցաւ ընդունիլ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, որ յատուկ է ամէն կենդանի ինքնութեան:
1988-1994 տարիներուն, Ղարաբաղեան Շարժումը, երկրաշարժը, Հայաստանի անկախացումն ու Արցախեան առաջին պատերազմը «միացում» կարգախօսին տուին անխնդրայարոյց իրականութեան մը յատկանիշը, որ հիմնականին մէջ հետեւանք էր Սփիւռքի մէջ տիրող համատարած խանդավառութեան: Առ այդ, Սփիւռքի կառոյցները պահող կազմակերպութեանց ղեկավարութիւնները Սփիւռք ըլլալու գիտակցութիւնը պայմանաւորեցին Հայաստանի մէջ որոշուած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններով, եւ ոչ թէ ուրոյն օրակարգով:
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացումը քննական/քննադատական մօտեցումով արդէն արծարծուած է բազմիցս, սակայն այդ արդէն աւելի քան երեսնամեայ զարգացման մէջ Սփիւռքին «ուզած»-ը ոչ իսկ բանաձեւուած է քննարկումի դրուելու համար: Աւելի պարզ՝ Հայաստան վերադարձած սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն ոչ մէկը առ այսօր համարձակած է վերլուծել թէ ինչ եղած է Հայաստանի մէջ իր ներկայութեան եւ գործունէութեան անդրադարձը սփիւռքեան կառոյցներուն մէջ իր դերակատարութեան վրայ: Դրական ի՞նչ տեղաշարժ եղած է նախ Սփիւռքի մէջ սեփական հաստատութեան զարգացման համար, ապա նաեւ Սփիւռքի լայն իմաստով զօրաշարժի կազմակերպումի մէջ իր դերակատարութեան ու վարկի յաւելման իմաստով: Այդ նախանձախնդրութիւնը չկայ երկու պատճառով:
Առաջին, Սփիւռքեան ոչ մէկ կազմակերպութիւն ինքզինքին թոյլ տուած է հարց տալ թէ հայրենիքը ի՛նչ կըրնայ տալ Սփիւռքին, եւ երկրորդ, Սփիւռքեան օրակարգի բացակայութեան ոչ իսկ մտածած է թէ ի՛նչ կրնայ ուզել հայրենիքէն: Հետեւաբար, զարմանալի չէ բնաւ, որ համաձայն Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին, Սփիւռքի մէջ տեսլական ունեցող ղեկավարութեան բացակայութիւնն է ամէնէն մեծ բացթողումը:
Ինչ որ սկզբունքով պէտք է մտահոգէ համայնքային կառոյցներու մէջ ղեկավար դիրք ու դերակատարութիւն ստանձնած բոլոր կազմակերպութիւնները:
Հայաստանէն Սփիւռքի ակնկալածին եւ ակնկալիքին մասին վերը բանաձեւուած հարցումը նաեւ կ’ենթադրէ Քոփերնիկեան յեղաշրջում մը՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները վերախմբագրելու որպէս Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ: Առաջին հայեացքով տարբերութիւն չկայ, եւ իտէալական է որ չըլլայ: Բայց երկու խմբագրումներու տարբերութիւնը միայն շարադրական բնոյթի չէ: Կ’ենթադրէ աշխարհահայեացք, դիտանկիւն եւ հարցի մօտեցման մեկնակէտ:
Հայասատան-Սփիւռք յարաբերութիւնները միշտ եղած են եւ կը մնան: Մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ սահմանուող յարաբերութիւններն էին, որոնք Սփիւռքի օրակարգը կը ճշդէին, եւ այսօր, ի դէմս Սփիւռքի Գործերով Յանձնակատարի մշակելիք ռազմավարութեան (ուրիշ մը եւս…), այդ մէկը առաւելի ներկայ է իշխանապետական օրակարգին վրայ, իր հետապնդած յայտնի եւ թաքուն նպատակներով: Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները ցարդ չեն բանաձեւուած, որովհետեւ Սփիւռքը երբեք չէ դրած Հայաատանէն իր ակնկալածին եւ ակնկալելիքին մասին հարցումը: Այդ մէկը ոչ միայն պէտք չէ սպասել որ Հայաստանէն որոշուի, այլ խիստ վերապահութեամբ պիտի վերաբերիլ նման որեւէ առաջարկի: Հայաստանի մէջ անկախ պետականաշինութիւնը ոչ միայն իր աւարտին չէ հասած, այլ յետընթաց ապրած է:
Աւելի՛ն, անկախութենէն ի վեր պետականաշինութեան գործընթացը երբեք չէ յաջողած պետութիւնն ու օրուան իշխանութիւնը իրարմէ բաժնել, ստեղծել կայուն եւ գոյատեւող պետական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ ապահովութեան եւ զարգացման ազգային ռազմավարութիւն, ուր Սփիւռքին տեղը հայեցակարգուած ձեւով ամրագրուած ըլլայ: Ամէն ինչ եղած է հռետորաբանութեան մակարդակով, ներառեալ երբ փաստաթուղթեր պատրաստուած են: Ինչպէս նախկին խորհրդային տարածքի երկիրներու եւ ընկերութիւններու մեծ մասին պարագան է, Հայաստանի մէջ եւս օրուան իշխանութիւնն է, որ կը պայմանաւորէ պետականութիւնը: Փաստօրէն, 1996, 1998, 2008 եւ 2018 տարիները կը վկայեն որ պետական մեքենային տիրացած որեւէ քաղաքական ուժ պատրաստ չէ կամովին հեռանալու իշխանութենէ առանց սահմանադրական կարգի խախտումի: Ընդհակառակն՝ պատրաստ է բռնաճնշումներու գնով, ընդհուպ մինչեւ արիւնահեղութիւն, վտանգի տակ չդնել իշխանութեան մեքենային տիրապետումով իր ձեռք բերած առանձնաշնորհումները, եւ ի մասնաւորի, տնտեսութեան տիրապետած մեծ կապիտալի վրայ վերահսկողութիւնը:
Այս պայմաններուն մէջ Սփիւռքի մասնակցութիւնը պետականաշինութեան կամ երկրի քաղաքական զարգացման ոչ միայն ինքնախաբէութիւն է, այլ իր արդէն սակաւ մարդուժի թէ ֆինանսական աղբիւրներու մսխում: Սփիւռքը շատ կարեւոր մասնակցութիւն բերաւ անկախութենէն յետոյ պետականաշինութեան գործին: Առաջին արտաքին գործոց նախարարին սփիւռքահայ ըլլալը ինքնին ամբողջ խորհրդանիշ մըն է, եւ եթէ միայն ի մտի ունենանք թէ անկախութենէն յետոյ որքան արագօրէն Հայաստանը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ բացաւ աշխարհի չորս կողմը, թերեւս հասկնանք պետականաշինութեան մէջ տարբեր համայնքներու շատ ճշգրիտ ներդրումներէն մէկը:
Բայց այդ այսօր հազիւ թէ արձանագրուած է հայրենի քաղաքական վերնախաւի գիտակցութեան մէջ: Անոնցմէ ոչ ոք մինչեւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմ եւ անկէ յետոյ ալ կը նշէ Սփիւռքը որպէս փոքր, աշխարհաքաղաքականօրէն մեկուսացած, խոցելի ու դէպի աշխարհ բացուելու շատ սակաւաթիւ ճամբաներ ունեցող երկրի ու տկար պետութեան մը համար, միայն համաշխարհային մասշտապով կայացած եւ զօրաշարժի ատակ համայնքներն են, որոնք միջազգային յարաբերութիւններու մէջ այդ երկրի հանդէպ հետաքրքրութիւն կրնան ստեղծել: Կը նշուի Արցախը, Զանգեզուրը, թերեւս Մեծամօրի ատոմակայանը, մինչ Սփիւռքի գործօնը կը նկատուի ինքնստինքեան հասկնալի: Կը մնայ անդրադառնալ, որ այդ «ինքնստինքեան հասկնալի»-ն իր մէջ կը ներփակէ Սփիւռքի կարեւորութեան ակամայ թէ հաշուարկուած անտեսում… Ոմանք նոյնիսկ չեն վարանիր յայտարարելու որ Սփիւռքի գործօնը «գերարժեւորուած» է:
Կրնայ առարկուիլ որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան շարունակուող աղէտի պայմաններուն մէջ, երբ հայրենի պետականութիւնը բառացիօրէն անհետացման վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուի, պետութեան փրկութիւնը առաջնահերթային կը դառնայ: Թերեւս: Բայց երբ այդ «փրկութեան» գործին մէջ Սփիւռքի դերին մասին մտածենք, չենք կրնար շրջանցել ինքզինք պարտադրող հարցում մը. Հայաստանի պետական մեքենային մէջ խօսքով եւ քուէով ներկայացուցչական մասնակցութեան ոչ մէկ լծակ ունեցող Սփիւռքը գործնական ի՞նչ ներդրում կրնայ ունենալ եւ այլընտրանքային առաջարկներով հանդէս գալ: Աւելի՛ն, անկախութենէն ի վեր ինքզինք պարտադրած պետականաշինութիւն յղացքը այնքան ֆէթիշացած է, որ թոյլ չէ տուած տեսնել ազգակերտումի անհրաժեշտութիւնը, ընդ որում՝ Սփիւռք-Հայաստան համարկումը ամենալայն իմաստով, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ ալ Հայաստանէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթած հայրենակիցներուն ընդունած երկիրներու տեղւոյն կայացած հայ համայնքներուն մէջ:
Սփիւռք-Հայաստան համարկումը անպայմանօրէն պետական հովանաւորութեան պէտք չունի, եւ ինչ որ չափով անկախ է պետականաշինութենէն: Սփիւռքի դասական կառոյցներէն դուրս արդէն բազմաթիւ ոչ- կառավարական կազմակերպութիւններու, ֆոնտերու, յատուկ օրակարգով առաջացած խմբաւորումներու թէ ակադեմական նախաձեռնութիւններու աշխուժացումը կու գան յուշելու որ ազգակերտումը առաջին հերթին հարկ է ընկալել ոչ-պետական մակարդակով, քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակներու մէջ, ուր եւ Հայաստան-Սփիւռք համարկումի ամէնէն յաջող փորձերը կատարուած են:
Շատ կարեւոր է որ ասոր գիտակցին Սփիւռքի կառոյցներու պահպանման ու զարգացման պատասխանատուութիւնը ունեցող կազմակերպութիւնները, որոնց մօտ կարծես տիրական է «պետականօրէն մտածել»-ու հակում մը, որ անխուսափելիօրէն հետամուտ պիտի ըլլայ «կեդրոն»-ի մը փնտռտուքին: Այդ մէկը տեսանելի է Սփիւռքի արդէն ժամանակավրէպ ու ձանձրացուցիչ խօսոյթին մէջ, ուր երբեմնի հայապահպանման հայեցակարգի յատուկ պատկերաւոր բանաձեւումներ կը շարունակեն յամենալ: Մարտահրաւէրը, սակայն, Սփիւռքի ընկալումն է իր բազմազանութեան մէջ որպէս համաշխարհային ցանց, եւ այդ տրամաբանութեամբ հաւաքական գիտակցութեան կերտումը եւ, աւելի ճշգրիտ, ուրոյն օրակարգի հասարակաց նուազագոյն յայտարարներու բանաձեւումը: Միայն Սփիւռքի օրակարգի առկայութեան կարելի է Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները սահմանել որպէս այդ օրակարգի կէտերէն մէկը:
Աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու տրամաբանութեամբ մտածող սփիւռքեան կառոյցներու ղեկավարութիւններուն համար թերեւս դժուարանայ արմատական փոփոխութիւն մը անմիջական կերպով: Գրականութիւնը, իմացական թէ երեւակայական, կրնայ ըլլալ մեկնակէտ գոնէ կազմաւորելու եւ զարգացնելու համար Սփիւռքի օրակարգի խօսոյթ մը, «մենք»-ի վերասահմանում մը՝ որպէս Սփիւռք ըլլալու գիտակցութիւն:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Խ. Տէր Ղուկասեան