Թրքական իշխանական TRT-ի հաղորդումին համաձայն, ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ վերացած է։ Լուրը հաստատուած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Վահան Եունանեանի կողմէն։

Եունանեան աւելցուցած է, որ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացումը 1 Յուլիս 2022_ին յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն մէկն էր:

«Կ’ակնկալենք, որ միւս պայմանաւորուածութիւնը՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութեան ապահովումը, նոյնպէս շուտափոյթ կեանքի պիտի կոչուի», ըսած է խօսնակը։

Թրքական լրատուամիջոցի հրապարակման մէջ նշուած է, որ այս մասին Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարութենէն յայտնած են Թուրքիոյ արտահանողներու միութիւններուն։