Ծաւալապաշտական նկրտումները բաւարարելու Ատրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը կը շարունակուի։

Հեռահար նպատակներ հետապնդող «բնապահպանական» կազմակերպուած սադրանքին հետեւանքով 12 Դեկտեմբեր 2022_էն փակ է Արցախն ու Հայաստանը իրար կապող միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը։ Փաստօրէն Արցախը կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ եւ շուրջ 120.000 հայ բնակչութիւն կանգնած է մարդկային աղէտի առջեւ։

Հերթականօրէն Ատրպէյճանը շինծու պատրուակով կոպտօրէն ոտնահարած է 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ առանց լուրջ հակազդեցութեան արժանանալու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէն։

Ատրպէյճանի այս սանձարձակ վարքագիծը, ինչպէս միշտ, բացայայտ կերպով կը հուանաւորուի Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէն։ Թուրք-ատրպէյճանական հովանաւորի նպատակները պարզ են՝ հայաթափել Արցախը, մասնատել եւ ինքնիշխանութենէն զրկելու Հայաստանի Հանրապետութեան։

Անցնող շաբաթներու ընթացքին արցախահայութիւնը հերթական անգամ ի ցոյց դրաւ իր անկոտրում կամքն ու ոգին եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր ինքնիշխանութեան։ Տարբեր միջազգային կառոյցներու եւ ատեաններու, բազմաթիւ երկիրներու պետական հաստատութիւններու եւ պաշտօնատար անձերու հասցէական դատապարտումները, առանձին գործիչներու յայտարարութիւնները խիստ կարեւոր եւ գնահատելի նկատելով հանդերձ, կ’անդրադառնանք, որ անոնք բաւարար չեն Ատրպէյճանի անմարդկային գործելակերպը կանխելու համար։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կազմակերպական միաւորներու, Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու, ուղեկից միութիւններու եւ քոյր կառոյցներու միջոցով կրցած է 12 Դեկտեմբերէն դիւանագիտական, քաղաքական, տեղեկատուական-քարոզչական եւ մարդասիրական գետնի վրայ հսկայածաւալ աշխատանքներ իրականացնել եւ այսուհետեւ պիտի կատարուի առաւելագոյնը արցախահայութեան զօրավիգ կանգնելու եւ Արցախի իրաւունքները պաշտպանելու համար։

Արցախը հայկական պահելու հարցով բոլորս ընելիք ունինք։ Դժուարին ու ճակատագրական զարգացումները տակաւին մեր առջեւ են։ Ինքնակազմակերպուելու, համազգային ջանքերով մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու ու մեր ազգային շահերը պաշտպանելու մարտահրաւէրներու առջեւ ենք։

Առ այդ, ՀՅԴ Բիւրօն անհրաժեշտ կը համարէ Արցախի իշխանութիւններու հետ անմիջականօրէն աշխատող, համահայկական ցանցային ներուժը կազմակերպող եւ համակարգող մարմին յառաջացնելու շուրջ գործնական քայլերու ձեռնարկումը։

Միաժամանակ, անգամ մը եւս հարկ կը համարենք Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները յորդորել զերծ մնալու Հայաստանի եւ Արցախի շահերը վտանգող, ապաշնորհ ու անհեռատես քաղաքականութենէ։ Հայաստանը չի կրնար հրաժարիլ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի յանձնառութենէ։ Որևէ պարագային Արցախի ինքնիշխանութիւնը, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը չեն կրնար սակարկումի առարկայ ըլլալ։ Որեւէ ետքայլ պիտի արժանանայ հակազդեցութեան բոլոր մատչելի ձեւերով եւ եղանակներով։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
5 Յունուար 2023