Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի Նախարարութիւնը տնտեսական հիմնարկներուն կոչ ուղղեց սուրիական Առեւտուրի Հաստատութեան հետ գործակցելու եւ անոր որոշ արտադրութիւններ վաճառելու՝ շուկան ապրանքատեսակներով յագեցնելու յատկապէս հաստատութեան պատկանող վաճառման կեդրոններէն ներս, եւ զանոնք յարմար գինով վաճառելու։
Նախարարութիւնը այս քայլին դիմած է նկատի ունենալով բնակչութեան տնտեսական ծանր պայմանները՝ Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով։