Կեանքի ընթացքին երբ քաղցր յուշեր կը մտաբերես, հոգիդ կը հրճուի ու սիրտդ կը ցնծայ: Ես ալ այդ զգացումը կ’ունենամ, երբ մտքիս մէջ կը թերթատեմ կեանքիս յուշերուն էջերը ու կը հասնիմ այդ էջին. այդ էջը «Գանձասար» շաբաթաթերթի թղթակցութեանս տարիներու էջն է: Այդ էջին առջեւ կանգ կ’առնեմ:
Մօտաւորապէս քառորդ դար մեծ հաճոյքով, ուրախութեամբ եւ եռանդով տարած եմ այդ աշխատանքը: Առանց անդրադառնալու, թէ ինչպէ՛ս այդ տարիները այդքան արագ սահեցան ու անցան, սակայն ամէն մէկ աւազի հատիկ, եթէ նիւթ մը սեպենք, այդ նիւթերու կուտակումը բաւական մեծ ժառանգ ու ինչու չէ Քեսապի պատմութիւնը վաւերագրելու արխիւ կարելի է համարել:
Թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ, որ Քեսապի թղթակից դարձայ եւ առաջին նիւթս գրեցի: Ներքին մղում մըն էր. խորհեցայ թէ ինչո՞ւ Քեսապի մէջ իրականացուող բոլոր ձեռնարկները, անցուդարձերը, ըլլան անոնք՝ տօնակատարութիւններ, թատրոն, երգչախումբ եւ զանազան առիթներ տեղ չգտնեն «Գանձասար»-ի էջերուն մէջ:
«Գանձասար»-ի խմբագրական կազմին առաջարկ ներկայացուցի, կամաւոր թղթակցութիւններ ուղարկելու փափաքս յայտնեցի: Առաջարկս գնահատանքի արժանացաւ, իսկ ես ուրախութիւնս յայտնեցի այդ աշխատանքը ստանձնելուս համար:
Թղթակցութեան աշխատանքը սրտիս խօսող աշխատանք մըն է: Մանաւանդ երբ այդ աշխատանքը սիրայօժար եւ ինքնակամ կ’ըլլայ: Սակայն յիշողութեանս մէջ շատ լաւ տեղ գրաւած է «Հին գիւղին մէջ նոր օրէնք չի գործադրուիր» առածը։ Առած մը, որ շատ կը յարմարէր թղթակցութեանս գործընթացի սկիզբին:
Վերջապէս առածները ժողովուրդներու կեանքին մէջ երկար տարիներու փորձառութենէն առաջ եկած են: Ըսել ուզածս՝ թղթակցութեան աշխատանքը այնքան ալ ընդունելութիւն չգտաւ ոմանց մօտ: Թէեւ մեծ խանդավառութիւն գտաւ քեսապցիներուն մօտ, որոնք անհամբերութեամբ լուրեր կը սպասէին Քեսապի մասին: Մանաւանդ Քեսապի եռուն ու բեղուն այդ շրջանին:
Անշուշտ նիւթերս կ’ընդգրկէին Քեսապի երեք համայնքներու ու անոնց դպրոցներու գործունէութիւնը, տօնակատարութիւնները (Վարդանանք, Ապրիլ 24, Մայիս 28 եւ այլ տօնակատարութիւններ), երգչախումբ, թատրոն, դպրոցներու ամավերջի հանդիսութիւններ, հարցազրոյցներ (օրինակ՝ Նիզար Խալիլի հետ) եւ Քեսապի մասին հետաքրքրական այլ նիւթեր:
Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ յիշել, որ այդ թուականներուն այսօրուան ելեկտրոնային կապերու միջոցները գոյութիւն չունէին: Ո՛չ ե-նամակ, ո՛չ WhatsApp-ի ու Messenger-ի դրութիւններ, որոնք կը նպաստեն լուրերն ու թղթակցութիւնները արագ ու հեշտ ձեւով հասցնելու խմբագրութեան:
Այս օրերու հաղորդակցութեան արդիական միջոցներով ապրող նոր սերունդը դժուար թէ ըմբըռնէ անցեալի դժուարութիւնները: Օրինակ՝ ինչպէ՞ս կրնամ այսօր զաւակներուս բացատրել, թէ ինչպէս ծնողքս օտարութեան մէջ ապրող մեր հարազատներուն Ամանորը շնորհաւորելու համար մէկ-մէկուկէս ամիս առաջ բացիկներ կը պատրաստէր, կը գրէր եւ նամակատուն կը տանէր: Երբեմն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորող բացիկը Ս. Յարութեան տօնին տեղ հասած կ’ըլլար:
Այս բոլորը կը պատմեմ ըսելու համար, թէ այդ օրերուն թղթակցութեան նիւթ ուղարկելու ճամբան որքան երկար էր ու փշոտ: Նիւթը գրելէ ետք, զայն հասցնելու եւ վաւերագրելու համար քանի մը լուսանկարի կարիքը կ’ունենայի: Կը յիշեմ՝ լուսանկարչական մեքենային մէջ տեղաւորուած ֆիլմը երեսունվեց նկարներէ կը բաղկանար, իսկ թերթին համար երեք-չորս լուսանկարի կարիքը կար, ուրեմն ամէն անգամ ֆիլմը ամբողջութեամբ կը փճացնէի, որովհետեւ զայն Լաթաքիա պէտք է ուղարկէի տպելու, ապա թղթակցութեան կցելով Հալէպ հասցնելու:
Այդ օրերուն դէպի Հալէպ մէկ-երկու մարդատար փոքր փոխադրակառքեր կային: Ամառը զբօսաշրջութեան եղանակին աւելի դիւրին էր նիւթ ղրկելը, որովհետեւ ամէնօրեայ երթեւեկութիւն գոյութիւն ունէր: Սեպտեմբերին՝ դպրոցներու բացումին հետ, փոխադրակառքերը շաբաթը անգամ մը կամ տասնըհինգ օրը անգամ մը Հալէպ կ’ուղղուէին: Բայց այդքան սիրալիր կը տանէի այդ աշխատանքը, որ բոլոր դժուարութիւնները ինծի համար կը փարատէին այդ օրերուն:
Հետզհետէ համացանցային աշխարհին զարգացումով աշխատակցութեան ընթացքս ալ դիւրացաւ:
«Գանձասար»-ը իր երեսուն ամեակի սեմին կը մնայ միշտ երիտասարդ ու վերանորոգուող, իսկ ինծի համար «Գանձասար»-ին ու անոր խմբագրակազմին հետ գործակցիլը՝ հաճելի աշխատանք:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Սեւան Ա. Մանճիկեան