Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Դաշնային ժողովի վերին պալատի խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, մտահոգուելով մարդկային իրավիճակով եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներով, որոշած է նամակ յղել Դաշնային խորհուրդին (Զուիցերիոյ կառավարութեան)՝ տեղեկացնելով, որ կը դատապարտէ միջազգային իրաւունքի խախտումները, որոնց յանգեցուցած է 12 Դեկտեմբերէն ի վեր Լաչինի միջանցքին շրջափակումը։

Յանձնաժողովը կը խնդրէ Կառավարութենէն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ գործողութիւններու ձեռնարկել՝ մէկ կողմէն հասնելու համար շրջափակման վերացումին ու զինուորական գործողութիւններու դադրեցումին, իսկ միւս կողմէն՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ օդային մարդասիրական կամուրջի կազմակերպումին: