Այսօր Երեւանի ժամով առաւօտեան` ժամը եօթի սահմաններուն, ուժային կառոյցներոի ներկայացուցիչները Արարատի մարզի եւ Երեւանի մէջ ներխուժած են ՀՅԴ շարք մը անդամներու բնակարաններ` խուզարկութիւն իրականացնելու պատրուակով, կան բերման ենթարկուածներ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։

Գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները գործողութիւններ իրականացուցած են նաև 6 ամիս ապօրինի կալանքի տակ գտնուած եւ միայն վերջերս դատարանի որոշումով ազատութեան մեջ յայտնուած Գերասիմ Վարդանեանի տունը:

Իրաւապահ համակարգը կը շարունակէ ըլլալ բութ գործիք դաւաճան իշխանութեան ձեռքին քաղաքական հարցեր լուծելու համար: Այս պահուն «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները ուղեւորուած են ոստիկանութեան եւ քննչական բաժիններ, իրավիճակին մանրամասնութիւններուն կ’անդրադառնանք աւելի ուշ»: