1863 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուած խոհագիրք մըն է ասիկա, որ ֆրանսական, գաւառական, անգլիական, գերմանական եւ իտալական խոհանոցներէն առնուած 200-է աւելի խոհագրեր կը պարունակէ:
Փոքր չափի է՝ 17×11 cm. ունի 689 էջեր եւ 1-10 թուագրուած յանձնարարելի գրականութեան ցանկ մը:
Առաջին աւելի քան 100 էջերը տրամադրուած են իմացութեան (connaissence), որ կը սկսի կովու մը մարմնի մասերէն հասնելու համար ֆրանսական գինիներու նկարագրութեան:
Ընթերցումիս ընթացքին անդրադարձայ, թէ այսօրուան սուփըր-մարքէթները երբեմն իրապէ՛ս ուսուցողական դեր կը կատարեն, մանաւանդ երբ գնորդները ստիպուած են իւրաքանչիւր ուտեստի վրան գրուածը մեծ ուշադրութեամբ կարդալ, ճշդելու համար բաղադրութիւնը, E-երուն քանի հատ ըլլալը (որ պէտք չէ երեքը անցնի) եւ այլ մանրամասնութիւններ:
Ասկէ ոչ թէ երկու դար՝ այս գիրքին հրատարակութեան օրերուն, այլ միայն քանի մը տասնամեակ առաջ Հալէպի գրախանութներուն մէջ մեծ չէր թիւը խոհագիրքերուն. խորքին մէջ անոնց կարիքը չկար. հալէպահայ տանտիկինը ընդհանրապէս խոհագիրք ունեցած չէր, որովհետեւ ամէն բան կը սորվէր իր մօրմէն կամ կեսրոջմէն, որոնք իրենց կարգին սորված էին իրենց մայրերէն կամ կեսուրներէն:
Ճաշատեսակները ընդհանրապէս սահմանափակ կ’ըլլային ընտանիքներուն «հայրենակցական» պատկանելիութեամբ՝ քիլիսցին կ’եփէր ի՛ր ճաշերը, այնթապցին՝ իրը, մարաշցին՝ ի՛րը եւ այսպէս: Իսկ քաղցրաւենիքի տեսականին սահմանափակ էր՝ հափըսայ, զէրտէ, ուն հէլվասը, անուշապուր, չիրեր, լաթքաշի տեսակներ (պաստեղ կամ պասթըխ):
Յետոյ մեծահարուստ ընտանիքի մը հարսը Պէյրութ գնաց (այն օրերու «փըթի Փաղի»-ն) եւ հետը բերաւ Անահիտ Տօնիկեանի գիրքին առաջին հրատարակութիւնը, որ տակաւին չունէր յաջորդներուն ճոխութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Ուրիշներ բերին Ա. Անտոնեանին գիրքը: Յանկարծ հալէպահայ բոլոր հարսերը հասկցան, որ կարելի է եղեր կեսուրներու ճաշացանկէն դուրս գալ եւ այլ ճաշեր պատրաստել:
Մտորումներէս դուրս կ’ելլեմ եւ կ’անցնիմ յաջորդ գլուխին՝ «Ջուրի զտումն ու պահպանումը»:
Եթէ մարդը իր մարդկային-անասնական բնազդներուն մէջ մէկ քայլ իսկ յառաջ գացած չէ, եփելու արուեստին մէջ տիեզերք հասեր է: Բայց … ջուր զտե՞լ. ո՞ր դարը կ’ապրինք:
Անմիջապէս կ’անդրադառնամ սակայն, որ մասնաւորաբար ջուրի հարցը շատ զգայուն հարց է … եւ … չես գիտեր, օր մը թերեւս կրկին պէտք ունենանք այս գլուխէն օգտուելու, հիմա որ ջուրը, իր սակաւութեան հետեւանքով, կրնայ պատճառ դառնալ նոր պատերազմներու: Բայց մարդը պէտք ունի՞ պատճառի, պատերազմելու համար … այս ալ ուրիշ հարց:
Խոհանոցային քիմիագիտութիւն
Ճիշդ այս գիրքը գրուած օրերուն Նէնէ Հայկանոյշս դեռ փոքր աղջիկ, մասնակից կ’ըլլար ամէն աշնան իրենց տան բակին մէջ ձմեռուան համար պատրաստուող ղավուրմային:
Թաղին տուներուն մէջ հերթով նոյն այդ արարողութիւնը կը կատարուէր, որովհետեւ բոլոր կիները պէտք է մասնակցէին եւ իրարու օգնէին 100 եւ աւելի քիլօ միսին պատրաստութեան մէջ:
Հորթը կը բերուէր տուն. բակին մէջ մսավաճառը կը մորթէր կենդանին, կը քերթէր կաշին եւ կը սկսէր միսը կտրտել, մինչ կիները կը լուային կտրտուած արիւնոտ միսը եւ արագ-արագ առատօրէն կ’աղէին, յետոյ երկու օր թէնկը դնելու համար:
Այս բառին ստուգաբանութիւնը չեմ փորձած ճշդել թերեւս անոր համար, որ իմաստը գիտէի՝ աղուած միսին վրայ ծանրութիւն դնել, որպէսզի ջուրը ցամքի:
Երկու օր վերջ,- երբ այլ երկու տուներու մէջ մորթելու նոյն արարողութիւնը տեղի կ’ունենար,- միսը կը հանուէր աղէն եւ մեծ կաթսաներու մէջ կը դրուէր եփելու:
Այս երկու ծէսերը կ’ընթանային արեան բարկ հոտին եւ եփուող միսին զօրաւոր հոտին ընկերակցութեամբ:
Քանի մը ժամ եփուելէ ետք, միսը կը հանուէր կաթսաներէն եւ լայն ափսէներու մէջ կը դրուէր պաղելու, մինչ կիները դմակը խարխնզի կ’ընէին:
Նէնէ Հայկանոյշը կը պատմէր ու ես դէմքէն կը զգայի, որ այդ բարկ ու զօրաւոր հոտերը ճիշդ այդ պահուն կ’առնէր, կարծես անոնք ոչ թէ յիշողութեան մէջ ամբարուած էին, այլ՝ ռունգերուն փակչած, զզուանքի եւ հաճոյքի խառն զգացում մը տալով, որովհետեւ որքան հոտը զզուելի, թարմ եփուած միսին համը այնքան հաճելի կ’ըլլար:
Երբ միսը լրիւ պաղէր, կը շարէին կարասներու մէջ  լաւ մը կոխելով, վրան մինչեւ բերան կը լեցնէին հալած դմակը եւ ամրօրէն կը փակէին կարասները:
Իսկ դմակի խարխնզիին տակ մնացած փսորտուքը ի՜նչ հաճոյքով կը ճաշակէին թէ՛ մեծերը, թէ՛փոքրերը, մանաւանդ տղամարդիկը, գաւաթ մը օղիի ընկերակցութեամբ:
Յետոյ փակուած կարասները կը տեղադրուէին մառանին հեռու մէկ անկիւնը, սպասելով ձմրան:
-Խէրով ուտիք, լէն սուֆրանիր1 բանաք,- տանտիրուհիին կը մաղթէին կիները, մեկնելէ առաջ:
-Ձեռքուընիդ սաղ ըլլի,- շնորհակալութիւն կը յայտնէր տանտիկինը:
Վրայ կը հասնէր Տիգրանակերտի դաժան ձմեռը. ձիւնը կը փակէր դուռ ու պատուհան, քանի մը մեթր բարձրութեամբ, ըստ Նէնէ Հայկանոյշիս: Ձմրան երկա՜ր գիշերներուն ընտանիքը կը հաւաքուէր քուրսիին2 շուրջ, վերմակին տակ, վայելելու աշնան բարիքներն ու զրոյցները:
Ղավուրման կ’օգտագործուէր տարբեր ճաշեր եփելու համար:
-Աւելի դիւրին չէ՞ միսը կտրտել, տոպրակներու մէջ դնել եւ ֆրիզըր պահել, ինչպէս մամաս կ’ընէ,- կը հարցնեմ Հայկանոյշ նէնէին:
-Օղո՛ւլ, սառնարանը ի՛նչ է չէինք գիտեր … չկար …
Քանատա ապրող զարմուհիս, որ անշուշտ սառնարան ալ ունի, ֆրիզըր ալ, կը սիրէր միսերուն տոպրակները հաստ թելով մը կապել, իւրաքանչիւրին ծայրը միսին տեսակը գրուած պիտակ մը ամրացնել եւ խոհանոցին պատուհանէն դուրս՝ ձիւնին մէջ ձգել: Երբ միսի պէտք ունենար, կը կարդար ներս ձգուած պիտակները եւ ուզածը կը քաշէր …
Թէ՛ Նէնէ Հայկանոյշս, թէ՛ զարմուհիս, իրարմէ տասնամեակներով բաժնուած, ճիշդ նոյն խօսքը կը կրկնէին.
-Երանի այդ օրերուն … ի՜նչ լաւ օրեր էին …
Մեծ մայրս կը պատմէր նաեւ արագիլներուն եւ Տիգրանակերտի մեծ ու քաղցր ձմերուկներուն մասին.
-Արագիլները շա՜տ կը սիրէին Տիարպէքիրը,- կը պատմէր,- ամէն տուն արագիլներու իր ընտանիքը ունէր:
Ձմերուկներն ալ շա՜տ մեծ էին եւ շա՜տ քաղցր …
Նէնէ Հայկանոյշին ձայնը ձմերուկներուն չափ կը քաղցրանար եւ արագիլներու թռիչքին պէս կ’երկարէր: Իսկ ես չէի հասկնար անոնց առնչութիւնը:
-Նէնէս կը պատմէր թէ …
-Նէնէ, դո՞ւն ալ նէնէ ունէիր,- աչքերս շատ մեծ կը բանամ եւ կը զգամ որ շունչս պիտի կտրուի, որովհետեւ չեմ կրնար պատկերացնել նէնէիս նէնէ ունենալը …
– …արագիլ մը կտուցին մէջ պահած կուտերը կը բերէ եւ կը նետէ գայմագամին բակը, այն գայմագամին, որ դէպի արագիլին բոյնը սողացող օձը զարկեր սպաներ էր ռէվոլվէրով: Գայմագամը չի հասկնար կուտերուն ի՛նչ ըլլալը, բայց կը հրահանգէ պարտիզպանին, որ ցանէ զանոնք, «նայինք ի՛նչ կը բուսնի» ըսելով:
-Արագիլները ուրկէ՞ բերեր են կուտերը, նէնէ՛:
-Չեմ գիտեր, օղո՛ւլ,- կ’ըսէ նէնէս,- յետոյ ձմերուկներ կը բուսնին …
Մեծ մայրս կը լռէ, կարծես յոգնած, բայց ոչ պատմելէն:
Նոր է որ կը հասկնամ, թէ յիշատակներն ալ երբեմն կը յոգնեցնեն:
***

1-Սուֆրա, արաբական արմատով թրքերէն, ճաշի սեղան.

2-Քառակուսի երեսով մեծ աթոռ, որուն տակ կրակով լեցուն պտուկ մը կը դնէին եւ վերէն վերմակով կը ծածկէին. շատ ցուրտ օրերուն կը նստէին անոր շուրջ, ոտքերը վերմակին տակ դնելով, տաքնալու համար:

Մարուշ Երամեան