Տակաւին կը շարունակենք որոնումները, կը շարունակենք ելքեր գտնել կացութիւններու որոնց նմանօրինակները յաճախ կրկնուած են մեր պատմութեան մէջ: Կը շարունակենք կազմել պատճառաբանութիւններու էջեր, յանցապարտներու ու անպարտներու ցուցակներ, անդորրագիրներ եւ դատավճիռներ, եւ այսքան… Այստեղ մեր աշխատանքը կանգ կ’առնէ ու ալ չենք մտածեր յաջորդ անգամ այս կացութեան չմատնուելու, այս անդունդը չիյնալու, այս սխալները չգործելու համար հարկաւոր ուղին բռնելու համար ծրագիրներ մշակելու մասին: Յանկարծ նոր ծագող արեւուն հետ վարագոյր կը քաշենք մեր անցեալին վրայ ու բան մը չեղածի նման նոր կեանք կը սկսինք: Այո՛, շատ լաւ բաներ են երէկուան փորձանքին վրայ ողբալու փոխարէն յուսադրութեամբ լիցքաւորուելով կրկին ոտքի ելլելն ու շարունակել ապրիլը, սակայն ոչ նոյն ճամբայէն, որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի նոյն խորխորատը:
Յաճախ կը մտածէի, որ ինչպէս շարունակած ենք Ապրիլ 1916-ին, 1917-ին, 1918-ին եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն: Կը մտածէի, որ հաստատ այդ օրերուն տօնախմբութիւններ չենք կազմակերպած, տօնածառեր չենք զարդարած, սեղաններ չենք պատրաստած, այլ յարգած ենք նահատակներու յիշատակը եւ հողի ու հոգիի կորուստները չեն արտօնած, որ խրախճանքներով զբաղինք: Սակայն անցնող երկամեակին մեր կացութեան ականատես ըլլալէ ետք նոյն բանը չեմ կրնար մտածել այսօր: Չեմ կրնար մտածել նոյնը երբ կը տեսնեմ, որ մէկ օր հող ու հոգի կը յանձնենք եւ յաջորդ օրը ամանորեան մթնոլորտ կը պատրաստենք, մէկ օր անճանաչ դիակներով կը զբաղինք, յաջորդ օրը տօնածառ կը յարդարենք, մէկ օր անհող ու անտուն մնացած հայրենակիցի ցասումով կը տանջուինք, յաջորդ օր ցասումն ու անոր պատճառ դարձողը մոռնալով խրախճանքներու մանրամասնութիւնները կը քննարկենք:
Սփիւռքը կ’այպանէ հայրենիքը, հայրենիքը կը մեղադրէ Սփիւռքը, եւ անոնց միջեւ վերջին տարիներուն գոյացած վիհը աւելի կը խորանայ, կը խորանայ եւ կը հեռացնէ հազիւ իրար մօտեցած մատները…
Կը հիանաս Սփիւռքի տարածքին գործող ազգանուէր ե՛ւ կազմակերպութիւններով, ե՛ւ անձնաւորութիւններով, կը մտածես, որ երբ ասոնք կողք կողքի կենան, լեռներ կրնան բարձրացնել իրենց գիտութեամբ, գաղափարներով, նորարարութիւններով, հմտութիւններով ու հանճարով, սակայն իրականութիւնը այլ իրողութեան դիմաց կը դնէ քեզ:
Տարիներու թաւալումին հետ մազաչափ անգամ չենք փոխուած, չենք ուղղած մեր սխալները, չենք կոփած մեր կոպտութիւնները ու չենք խոստովանած մեր սխալները:
Շուրջ վեց դար անկախութենէ զրկուած ենք, մենք մեր հողերուն վրայ օտարացած ենք, սակայն չենք գնահատած պահուան ծանրութիւնը եւ մեր եսերը յանուն ընդհանրական շահին զիջելով՝ միասնականութեան փողը չենք հնչեցուցած: Ունեցած ենք հզօր ղեկավարներ, անկոտրում կամքով, անյաղթ բազուկով, անմրցելի իմաստութեամբ ղեկավարներ, սակայն ձախողած ենք երկիրն ու ազգը միաւորելու սրբազան առաքելութեան մէջ եւ արդիւնքով կորսնցուցած ենք սրբութեան սրբոցները:
Այսօր նոյն վիճակին մէջ ենք, կը կորսնցնենք հայրենիք ու սերունդ, չենք սթափիր ու ուշքի չենք գար եւ հետզհետէ կը մօտենանք ընկրկումի եզրին:
Մեր արձակած որակումները եւ կատարած գնահատականները անհետեւանք կը մնան, չեմ գիտեր վաղը ինչ պատասխան կրնանք տալ այն սերունդին, որ հարց պիտի տայ արեամբ վերադարձուած հողը օր ու գիշերուան մէջ թշնամուն նուիրողին հանդէպ մեր որդեգրած կեցուածքին մասին: Պիտի կրնա՞նք նայիլ անոր աչքերուն եւ պատասխանել, որ կեցուածք ունեցանք, սակայն խօսքի սահմաններէն չանցանք… Պիտի կրնա՞նք նայիլ անոր աչքերուն եւ հողի արժէքին մասին խօսիլ: Պիտի համարձակի՞նք Խրիմեանի «Պապկէ Պսակ Ի Դաշտ»-ը յորդորել անոր…
Թէեւ չյանձնուեցանք, չյուսալքուեցանք, սակայն անզօր մնացինք: Հայրենիքի մէջ անզօր մնացինք, իսկ Սփիւռքի մէջ կուտակուած ուժը սկսանք վատնել: Սփիւռքի պայմանները փոխուեցան, իսկ մենք մնացինք հին անտառի փայտահատը:
Բեմերէն, ամպիոններէն, բարձրախօսերու դեմէն կը խօսինք Միջին Արեւելքի Սփիւռքի կարեւորութեան մասին, կը հաստատենք, որ այստեղ է, որ մարդուժ կը պատրաստուի, այստեղ է, որ կը պատրաստուի հայու մեր ցանկացած տիպարը՝ նկարագրով, կերտուածքով, բարքերով, սովորութիւններով ու աւանդութիւններով, սակայն ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակուին այս առաքելութիւնը յարատեւելի դարձնելու համար, ի՞նչ ռազմավարութիւններ կ’որդեգրուին եւ ինչ մարտավարութիւն ի գործ կը դրուի: Գետնի վրայ նշելի ոչ մէկ յառաջխաղաց: Առաւել մտահոգիչը այն է, որ Միջին Արեւելքի ծանր պայմաններուն մէջ տակաւին տոկացող մտաւորականութիւնը ամիսներէ ի վեր այս օրակարգով կը հրապարակէ քննարկումներ եւ լուծումներ, սակայն ձայն բարբառոյ յանապատի…
Մեր պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն ծանր կացութիւններու մէջ գտնուած ենք, համապատասխան կենսափորձը ունինք, սակայն կարիք ունինք համախմբուելու, զիրար լսելու, կարիք ունինք անսալու ատակութեան, կարիք ունինք ձեռքերը իրարու կամրջելու, կարիք ունինք ազգը միաւորելու եւ որպէս միասնական ազգ նպատակասլաց ծրագիրներ մշակելու: Հակառակ պարագային յաջորդ սերունդը պիտի այպանէ մեզ, այնպէս ինչպէս մենք այսօր կը մեղադրենք նախորդները:
Ուշացա՞ծ ենք՝ այո՛, սակայն տակաւին ամէն բան կորսուած չէ, տակաւին կարելի է կառուցել փրկութեան լաստը եւ թիավարել դէպի մեր ցանկացած ուղղութիւնը, որպէսզի աւելի ուշ այլք չթիավարեն ու իրենց ցանկացած ուղղութեամբ առաջնորդեն մեզ:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Մարիա Գաբրիէլեան