Այս տարի Հալէպի ժողովուրդը իւրայատուկ ձեւով դիմաւորեց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Մութ եւ պաղ քաղաքին մէջ լուսաւոր եւ տաքուկ տեղ մը դարձաւ «Ծննդեան Գիւղակ» նախաձեռնութեան վայրը, Ճիտէյտէի «Ալ-Հաթապ» հրապարակը: Գիւղակը կը պարունակէր տօնական ցուցահանդէս-վաճառքի յատկացուած փոքր տնակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, որպէս տաղաւար, այցելուներուն կը ներկայացնէր զարդեղէն, ուտեստեղէն, ձեռագործ աշխատանքներ եւ այլն: Տեղացի արաբ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողքին, տաղաւարներ վստահուած էին նաեւ հայ համայնքի անդամներու եւ միութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, Կիլիկեան Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբին, անհատ հայ ձեռներէցներու եւ այլն։
Հրապարակի մեծ տօնածառին կողքին զետեղուած էր մսուր մը, որ արուեստի ընտիր գործ մըն էր, պատրաստուած շերտաւոր թուղթերով (cartonello-papier mashe), որուն արձանները (Յիսուս մանուկը, Մարիամ Աստուածածինն ու Հայր Յովսէփը) քանդակած էր արուեստագէտ Վարդգէս Պարսումեանը, իսկ մսուրի կազմաւորումը՝ արուեստագէտ Նիիմաթ Պատաուին։ Արուեստի գեղեցիկ ու խորհրդաւոր պատկեր մը ներկայացուած էր կարճ ժամանակուան մը մէջ պատրաստուած։
Հրապարակին մէջ կար նաեւ մեծ վրան մը, որ կը ծառայէր որպէս հանդիսասրահ։ Այնտեղ օրական դրութեամբ համերգներ տեղի կ’ունենային: Համերգներուն մասնակցեցան նաեւ Հայկական խումբեր, ինչպէս՝ ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» երգչախումբը, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ. վարժարանի երգչախումբը եւ անհատ երգիչներ։
«Զուարթնոց» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին: Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Ազգ. վարչութեան, Պատկան Մարմինի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր հայ եւ օտար հանրութիւն: Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի, ներկայացուց ամանորեան, հայրենասիրական եւ ժողովրդական հայկական եւ օտար երգեր: Երգչախումբի անդամներուն ջերմ ու ներդաշնակ երգեցողութիւնը հանդիսականներուն տօնական օրերու յոյս եւ ուրախութիւն ներշնչեց: Պատերազմի ամէնէն դաժան դէպքերուն ականատես եղած այդ շրջանը տարիներ վերջ խաղաղութիւն եւ սէր կը բուրէր:
Աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր սրտին խօսքը ուղղելով իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց այս ելոյթին առիթով, «Զուարթնոց»-ականները նմանցնելով այն հրեշտակներուն, որոնք Քրիստոսի ծնունդը աւետեցին ու յոյս ներշնչեցին մարդկութեան: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ այս վայրին մէջ տարիներ առաջ ահաբեկիչներ մահ ու աւեր տարածեցին, մենք յոյսին, խաղաղութեան եւ վերականգնումին սատարելով կը մասնակցինք այս տօնական ձեռնարկներուն, մաղթելով որ Սուրիան մօտ օրէն վերագտնէ իր երբեմնի պայծառ օրերն ու վերածաղկի, իսկ Սուրիոյ բնակչութիւնը յաղթահարէ այս դժուար օրերը։
Ուրախալի երեւոյթ էր այս նախաձեռնութիւնը, որ Հալէպի ժողովուրդին հաճելի պահեր հրամցնելու կողքին ներկայացուց մշակոյթ, արուեստ եւ մարդկային արժէքներ:
Անի Պօղիկեան