Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Թուրքիա կ’այցելէ: Իրանական IRNA գործակալութեան համաձայն, աս տեղեկութիւնը փոխանցած է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասէր Քանանին:
Իրանի նախագահը Թուրքիա պիտի այցելէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի հրաւէրով:
Քանանի իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները բարձրագոյն մակարդակի վրայ են: