Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին մօտ՝ Արարատ լերան վրայ միօրինականացուած ու բազմաթիւ նպատակներու համար օգտագործուող ռազմակայան կը կառուցէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս տեղեկութիւնը յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
Ծովուն մակերեսէն 2100 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ռազմակայանը յագեցուած պիտի ըլլայ գիշերային տեսանելիութեան տեսախցիկներու ժամանակակից համակարգերով եւ ինքնակառավարուող զէնքերով:
Կ’արձանագրուի, որ Թուրքիա ռազմակայանը կը կառուցէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով»: