1980-ականներու վերջերը պէտք է ըլլայ, արդէն ճիշդ թուականը չեմ յիշեր,Ազգային Առաջնորդարանը կ’որոշէ ունենալ իր պարբերաթերթը:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել 1960-ական թուականներէն դադրած «Արեւելք» օրաթերթը զինք փոխարինողը չունենալով, եւ շուրջ 20 տարի մամուլի, որպէս օրաթերթ կամ շաբաթաթերթ,  ձայնը Սուրիոյ տարածքին դադրած ըլլալով, մանաւանդ երբ սուրիահայ գաղութը իր փառքի օրերը կ’ապրէր, իր թատերական, մշակութային, մարզական եւ կրթական համակարգերով, անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր արտացոլացնել այդ բոլորը ու զանոնք հասանելի դարձնել հանրութեան՝ ունենալով պարբերաթերթ մը, որպէսզի մամուլը իր դերը վերստանձնէր եւ համախմբէր գաղութի ցրուած ուժերը:
Առաջին այս խմբագրակազմի անդամներս կը հրաւիրուինք առաջնորդարան. որպէս խմբագիր նշանակուած էր Կորիւն Շահինեանը, իսկ խմբագրակազմը կը համալրուէր Ծովիկ Ղազարեանով եւ Պարգեւ Աւագեանով:  Պաշտօնական բաժինէն ետք, խմբակը կը սկսի աշխատանքի՝ համագործակցելով այդ օրերու գիր-գրականութեան մօտ անձերու հետ, խորհրդակցելով եւ զիրենք գործի հրաւիրելով:
 Խմբագրատուն մը ունենալու հեռանկարով այդ օրերու Ազգ. Հայկազեան աղջկանց բաժինի կից գնուած փոքր բակին երկրորդ յարկէն երկու սենեակներ կը տրամադրուին, որուն մէկ հատին մէջ կը տեղադրուի «Քրիստափոր» գրադարանի մամուլի հաւաքածոն, իսկ կողքի սենեակը պիտի ծառայէր որպէս խմբագրատուն՝ հեռանկար ունենալով մամլոյ դիւանի մը ստեղծումը:
Ամբողջութեամբ պարապ սենեակը նախ պէտք էր կահաւորել, ձմրան ցուրտ օրերուն վառարանի մը անհրաժեշտութիւնը զգալի էր, բայց այդ կարգադրութիւնները շատ արագ ընթացան, բոլորն ալ խանդավառ էին գործը սկսելու, որովհետեւ մամուլի անհրաժեշտութիւնը այնքան զգալի էր այլեւս գաղութին մէջ. շուտով նորաստեղծ խմբագրատունը վերածուեցաւ գրասէր խմբակի մը մտերմիկ հաւաքավայրին:
Սուրիոյ մշակութային կեանքը կ’արտացոլար այդ օրերուն Լիբանան տպուող՝ Ազդակ, Արարատ եւ Զարթօնք թերթերուն մէջ, որոնք ուշացումով Սուրիա կը հասնէին:
Առաջին պարբերականի նիւթերու ընտրութիւնն ու համադրումը այնքան ալ հեզասահ չընթացան: Տարբեր տեսակէտներ ի մի բերել եւ ամբողջական դրուածքի մը մէջ դնելը բաւական երկար ժամանակ խլեց կազմէն: Մանաւանդ որ մտայնութիւններու յստակ տարբերութիւնը զգալի էր տարբեր խաւերու մօտ:
«Արեւելք» տպարանը իր հին մամուլի գործիքով տակաւին կը գործէր Առաջնորդարանի կից Հոգետունի կամարներէն մէկուն տակ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դրան դէմ, ինչ որ շատ մօտ էր խմբագրատան: Հոս ալ խմբագրակազմը իր դժուարութիւնները ունեցաւ: Պէտք էր սպասել որ պաշտօնեան մէկ-մէկ տառերը շարէ եւ փորձեր յանձնէ ու երբեմն ալ յանդիմանէ խմբագրակազմի անդամներէն մէկն ու մէկը հայերէն լաւ չիմանալնուն համար:
Կողքը եւս պէտք էր ձեւաւորուէր, իսկ անոր համար հայկական մոթիւներ ընտրելը մեր գործն էր, յետոյ զայն ղրկելու համար զինկոկրաֆ Վարդանին ու սպասելու փլաքին:
Ժամանակը արագ կը սահէր, ու շրջապատի անհամբերութիւնն ալ երբեմն կը նեղէր:
Վերջապէս որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, խմբագրակազմը առաջին թիւը լոյս ընծայեց տարի մը ետք, «Օշական» անունով:
Յարմար նկատուեցաւ ունենալ մնայուն խմբագիր մը յաջորդ թիւերը լոյս ընծայելու համար, եւ այդ գործը վստահուեցաւ պրն. Խաչիկ Շահինեանին:
Յառաջիկայ տարիներուն, «Արեւելք» տպարանը փոխադրուեցաւ Թիլէլի նորակառոյց «Արարատ» շէնքին  գետնայարկը, ունենալով նոր մամուլ. խմբագրատան համար տրամադրուեցաւ շէնքի ամենավերեւի՝ 5-րդ յարկը: 1993-էն վերջ պարբերաթերթը վերածուեցաւ շաբաթաթերթի ու կոչուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթ:
Պատերազմի թէժ օրերուն, ռմբակոծման իր բաժինը կրեց նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը:  Երբեմն Նոր Գիւղ, երբեմն Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տուն տեղափոխուելով, երբեմն բժ. Իսկենտէրեանի դարմանատան մէջ, կողք-կողքի, հակառակ վառելանիւթի եւ ելեկտրական հոսանքի չգոյութեան, ստեղծուած բազում դժուարութիւններուն մէջ խմբագրակազմը շարունակեց իրեն վստահուած աշխատանքը՝ այս անգամ բանբերը ըլլալով պատերազմի աւերներուն ու սուրիահայութեան տագնապալի օրերուն:
Այդ օրերուն անգամ մըն ալ սուրիահայ մամուլին հետ աշխատելու առիթը կ’ունենամ, բայց այս անգամ որպէս թերթի սրբագրիչի:
Վայելելով քանդուած Հալէպի «բարիքները», բայց հաւատալով մամուլի դերին, յամառօրէն իր աշխատանքը շարունակելով, բարեխնամ օր մը «Գանձասար»-ի խմբագրակազմը վերադարձաւ իր հինգերորդ յարկի խմբագրատունը, նորոգուած ու ներկուած կեդրոնը:
Կարծես պատերազմ չէր անցած այս երկրէն ու թերթը հաւատալով իր առաքելութեան պիտի շարունակէր իր 30-ամեայ երթը նոր խանդավառութեամբ:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան