Միջազգային հեղինակաւոր Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանին կրկին կոչ կ’ուղղէ անյապաղօրէն բանալու Լաչինի միջանցքը:

Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի մէկամսեայ շրջափակումը մարդկային ճգնաժամ ստեղծած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ կենսական պաշարները նուազած են, ըսուած է կառոյցի թուիթըրեան էջին վրայ, ուր ներկայացուած է CNN-ի հրապարակումը Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։