Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումէն վերջ, որ դրսեւորուեցաւ Արցախը արտաքին աշխարհէն ֆիզիքապէս մեկուսացնելով, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները անմիջապէս ձեռնամուխ եղան ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման գծով գործողութիւններու, որոնք կը միտին Արցախի քաղաքական զօրակցութեան, իսկ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներու բանեցման։ Կատարուած աշխատանքներուն մասին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով։
Անցնող շաբաթներու ընթացքին էական աշխատանքներ կատարուած են նաեւ Հայ Դատի Բրիտանիոյ յանձնախումբին կողմէն՝ բրիտանական հասարակական քաղաքական շրջանակներու մէջ ատրպէյճանական յարձակումի արծարծման եւ բրիտանական կառավարութեան գործնական քայլերը դրդելուն համար։ Հայ Դատի Բրիտանիոյ յանձնախումբը անցնող շաբաթներու ընթացքին պարբերականօրէն թողարկած է լրատուական տեղեկատուներ՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին Բրիտանիոյ մէջ անհրաժեշտ իրազեկուածութեան ապահովման համար։ Անոնց հետեւանքով բազմաթիւ խորհրդարանականներ հանդէս եկած են Արցախին սատարող եւ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով, դիմած են կառավարութեան՝ առնելու գործնական քայլեր։
13 Դեկտեմբերին Հայ Դատի Բրիտանիոյ յանձնախումբը հանդէս եկած է իրազեկող յայտարարութեամբ, ապա նոյն օրը գրութեամբ դիմած է Բրիտանիոյ արտաքին քարտուղար Ժէյմս Կլեվերլիին՝ պահանջելով դատապարտել ատրպէյճանական գործողութիւնները, մարդկային օժանդակութիւն ղրկել Արցախ եւ ճանչնալ վերջինիս անկախութիւնը։ Արտաքին քարտուղարին, «Բրիտանիա-Հայաստան» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անունով նամակ հասցէագրած է նաև խումբի նախագահ Թիմ Լոտն՝ ուշադրութեան հրաւիրելով Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան եւ անոր անգլիական հակազդեցութեան անհրաժեշտութեան մասին։
Տարբեր առիթներով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին կառավարութեան հարցումներ ուղղած, բրիտանական հակազդեցութիւն եւ գործնական քայլեր պահանջած են խորհրդարանականներ Թիմ Լոտն, Քերոլայն Քոքս, Լորտ Ալթոն, Լորտ ՄաքՔոլնես, Սթեֆան Տոթին, Քրիս Լոն, Ալեքս Սոպել, Ճեսիքա Մորտըն եւ Ֆիոնա Պրիւս։
3 Յունուարին Արցախի մէջ հաւանական ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած են պարոնուհի Քերոլայն Քոքս, միջազգային եւ բրիտանական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ անհատ գործիչներ։
Աւելի ուշ Պարոնուհի Քոքս, Թիմ Լոտն, Լորտ Ալթոն, Քովենթրիի եպիսկոպոս Ռոման Վիլյամս եւ այլօք հանդէս եկած են բրիտանական մամլոյ մէջ տեղ գտնող ատրպէյճանական թէզերու դատապարտումով՝ պահանջելով ճշգրիտ տեղեկատուութիւն։
Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբը վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխատանքներ տարած է նաեւ բրիտանական լրատուամիջոցներու եւ անհատ լրագրողներու հետ՝ անաչառ տեղեկատուութեան ապահովման եւ ատրպէյճանական քարոզչութեան դէմ պայքարի համար։
12 Յունուարին Քերոլայն Քոքս գրութեամբ դիմած է նաեւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ալիսա Քերնսին՝ պահանջելով հարցում ուղղել Արցախի մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակին մասին եւ անոր հիման վրայ պատրաստել հրատապ զեկոյց, հանդիպած է Բրիտանիոյ հայկական սփիւռքի հետ՝ անաչառ տեղեկատուութիւն ստանալու եւ ատրպէյճանական կեղծ քարոզչութեան ազդեցութեան տակ չիյնալու համար։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
13.01.2023