ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հրաւէրով 16 Յունուարի երեկոյեան գումարուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու առցանց խորհրդակցական ժողով, որուն ընթացքին քննարկուած է համաեւրոպական մակարդակին, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն ներկայ փուլը՝ պայմանաւորուած Ատրպէյճանի կողմէն Արցախին պարտադրուած ամբողջական շրջափակումով։

Քննարկումի ընթացքին վերագնահատուած են նախընթաց աշխատանքները, քննարկուած են յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն նախատեսուող ձեռնարկներ՝ Եւրապայի հասարակական-քաղաքական եւ պետական շրջանակներու մօտ Ղարաբաղեան հիմնահարցի, Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակին եւ Ատրպէյճանի ցեղային զտումներ հետապնդող քաղաքականութեան առնչութեամբ իրազեկուածութեան բարձրացումի ուղղութեամբ։

Յատկապէս կարեւոր համարուած են Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման ու Ատրպէյճանի նկատմամբ միջազգային ճնշումներու ուժեղացման միտուած աշխատանքները։

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու պատասխանատուները մեծ ակնածանքով ու ոգեւորութեամբ անդրադարձած են Արցախի հերոսական ժողովուրդին տոկունութեան ու պայքարի կամքին՝ վերահաստատելով Արցախի շահերու պաշտպանութեան շուրջ Հայ Դատի պայքարի հաստատակամութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
17.01.2023