Արցախի մէջ շրջափակման 37-րդ օրը դադրած է կազամատակարարումը, յայտնած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեան:

«Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի հայաթափման ուղղուած գործողութիւնները», գրած է ան իր դիմատետրի էջին վրայ:

Ատրպէյճանը կրկին արգելափակած է Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ կազատար խողովակը՝ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով բնական կազի օգտագործումի կարելիութենէն, աւելի ուշ յայտնեց նաեւ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Արցախկազ» ՓԲ ընկերութիւնը յայտնած է, որ կազամատակարարումը դադրած է տեղւոյն ժամը 13։00-ի դրութեամբ: