Խորագիրը ընթերցողին առաջին պատասխանը հաւանաբար «բնականաբար հա՛յ» ըլլայ: «Բնականաբա՛ր հայ» պատասխանելու են ոմանք, ազգային հաւաքական կեանքը պառակտումէ հեռու պահելու, հայաստանցի-սփիւռքահայ, արեւմտահայ-արեւելահայ, հայախօս-օտարախօս, սուրիահայ-լիբանանահայ, ֆրանսահայ-ռուսահայ բաժանարար գիծերը մերժելու եւ «անկախ տարբերութիւններէն, բոլորը հայ են»-ի «մենք մէ՛կ ազգ ենք»-ի ճշգրիտ պարունակին եւ հասկացութեան մէջ մնալու համար: Սոյն յօդուածը այս մօտեցումին մասին չէ, այլ կը փորձէ սփիւռքեան պարունակին մէջ խորագիրին հարցադրումը քննարկման ենթարկել: Խորագիրին հարցադրումը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք մեր օրերու հայ աշխարհի ֆիզիքական սահմաններէն դուրս կ’ապրին, իսկ այսօրուան «հայ աշխարհը» միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ, այլ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը, Ջաւախքն ու բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը: Հարցումը այս սահմաններէն դուրս ապրող հայութեան մասին է:
Ուրեմն, հայ աշխարհի ֆիզիքական սահմաններէն դուրս հայ ըլլալու պայմաններն ու միջոցները բազմաթիւ են՝ ծննդական-կենեթիկ ժառանգութիւն, անուն, արտաքին ֆիզիքական կերպար, հայ ըլլալու ինքնագիտակցութիւն, թերեւս հայախօսութիւն, ոմանց համար հայ եկեղեցւոյ պատկանելիութիւն, պատմութեան ու մշակոյթի իմացութիւն, Ապրիլէ-Ապրիլ Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ այլն, եւ այլն: Գալով «սփիւռքահայ» ըլլալուն, նախ պէտք է պարզել, թէ ըստ ընկերաբանական գիտական սահմանումի, որեւէ ազգի սփիւռքին պատկանելու, «սփիւռքցի» դառնալու եւ մնալու առաջին ու հիմնական նախապայմանը հայրենի հողին, հայրենիքի՛ն հետ ֆիզիքական, մտաւոր, հոգեւոր կապ ունենալն է: Այսինքն, սփիւռքահայ դառնալու եւ մնալու նախադրեալը հայրենիքով մտահոգուելու ու տագնապելու, հայրենիքին մէջ ապրող հայրենակիցներուն հետ հաղորդակցելու, անոնց աջակցելու, հայրենաշինութեան նպաստելու մէջ կը կայանայ եւ ոչ թէ պարզապէս հայրենի սահմաններէն դուրս ապրելու:
Վերոնշեալ յստակացումէն ետք, հիմա կ’արժէ խորագիրին հարցադրումը ընդլայնուած ձեւով կրկնել՝ այսօր Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան քանի՞ տոկոսը (իր տարատեսակ ու բազմաթիւ շերտաւորումներով) պարզապէս «հայ» է ու քանի՞ տոկոսը՝ «սփիւռքահայ»: Փակագիծ մը բանալով այստեղ պէտք է աւելցնել, որ հարցադրումին մէջ նկատի չէ առնուած այն զանգուածը, որ ծագումով հայ ըլլալով հանդերձ, չ’ուզեր  հայու հրապարակային ինքնութիւն կրել: Վերադառնանք հարցադրումին՝ այսօր Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան քանի՞ տոկոսը ներգրաւուած է հայկական հաւաքական կեանքին մէջ ու մնայուն կապի մէջ է, իսկապէ՛ս կը տագնապի ու մանաւա՛նդ կը գործէ՛ հայ աշխարհին, հայրենիքին համար, ու քանի՞ տոկոսը հայ աշխարհի կամ նոյնիսկ իր ապրած սփիւռքեան միջավայրի հայ կեանքին անցուդարձերէն գրեթէ անտեղեակ ու անտարբեր իր բնականոն կեանքը կը շարունակէ:
Այս հարցադրումին ճշգրիտ պատասխանը լայնածաւալ հետազօտութիւններ եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կը պահանջէ, ու այս յօդուածը յաւակնութիւն չի կրնար ունենալ քանակի ու ծաւալի գծով պատասխան առաջարկելու, սակայն յատկապէս Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, որոշ ցուցիչներ կան, որոնց համար կ’արժէ լուսարձակի տակ բերել այս հարցադրումը՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգով զբաղողները քննարկման հրաւիրելու:
2020-ի Արցախեան պատերազմի աղէտալի ու խայտառակ պարտութենէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, Սփիւռքի մէջ համատարած յուսալքութեան, յուսաբեկութեան, անտարբերութեան մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ: Շատեր ցաւէ, զայրոյթէ, անճարութենէ ու անորոշութենէ առաջնորդուած դադրեցան հայ աշխարհի իրադարձութիւններուն հետեւելէ: Նկատի առած համազգային շոքի ու դրաումայի տարողութիւնը, այս հակազդեցութիւնը հասկնալի ու արդարացի կրնար ըլլալ եթէ ժամանակաւոր մնար ու կացութիւնը երկու տարի անց փոխուած ըլլար: Ըստ երեւոյթի, յուսալքութեան եւ անտարբերութեան փոթորիկը մինչեւ օրս կ’ալեկոծէ մեր իրականութիւնը: Մարդիկ չեն ուզեր լսել կամ խօսիլ հայ աշխարհի տագնապներուն մասին, ինչ որ խիստ մտահոգիչ է: Հասարակութիւններուն յոյսը սպանելը ամէնէն վտանգաւոր ու կործանարար զէնքն է, որմէ պէտք է պաշտպանուիլ ամէն գնով:
Յուսահատութիւնը պէտք է արմատախիլ ընել ու առաձգականութեամբ (resilience), վճռականութեամբ պայքարիլ: Յուսահատութիւնը բնաւ պէտք չէ պատճառ ըլլայ հայ աշխարհի հետ կապերը խզելու կամ տկարացնելու: Որովհետեւ Հայրենիքին հետ կապը պորտալարի նման է. երբ խզուի պորտալարը, պտուղը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Այսինքն՝ երբ հայ աշխարհէն հեռու ապրող մարդն ու հասարակութիւնը խզեն իրենց կապը հայրենիքին հետ, երկար ժամանակի վրայ որպէս հայ մարդ ու հասարակութիւն գոյութիւն ունենալէ կը դադրին:  Սփիւռքի ու հայ աշխարհի միջեւ ստեղծուած վիհը կը խորանայ, Սփիւռքի հայութեան վստահութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ առաւել կը նուազի ու ՀՀ-ի ներկայ իշխանութիւնները փոխանակ կացութիւնը բարելաւելու, իրենց պետականակործան եւ ապազգային քաղաքականութեամբ ու գործունէութեամբ կը շարունակեն Սփիւռքը ու Սփիւռքի կայացած կառոյցներն ու հաստատութիւնները լուսանցքայնացնել ու անտեսել, ինչ որ անխուսափելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդու ներաշխարհին վրայ:
Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Սփիւռքի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութ4եան վերանկախացումէն ետք, Սփիւռքի շարք մը համայնքներ չկրցան հաւասարակշռութիւն պահել իրենց սփիւռքեան կառոյցներու եւ ՀՀ-ի կարիքներուն ու առաջնահերթութիւններուն միջեւ: Վերջինին հաշուոյն ու երբեմն ալ վերջինին պատրուակով, նոր ձեւաւորուած Սփիւռքի մէջ հայակերտումի նուիրուած ժամանակակից կառոյցներ ու կազմակերպուած համայնքներ չստեղծուեցան, իսկ աւանդականօրէն գոյութիւն ունեցող կառոյցները չթարմացան, չարդիականացան, անտեսուեցան, նօսրացան, ժամանակավրէպ դարձան ու տկարացան: Նկատի ունենալով որ անուրանալի եւ գերկարեւոր դեր ունին սփիւռքեան կառոյցները (դպրոց-մամուլ-ընկերամշակութային կառոյցներ եւ այլն), այս յօդուածի տրամադրութեամբ հայ աշխարհէն դուրս ապրող «հայ» մարդն ու հասարակութիւնները «սփիւռքահայ» դարձնելու համար հրատապ օրակարգ կը համարուի հաւասարակշռուած մօտեցումով առաջ տանիլ հայ աշխարհին ու Սփիւռքին կարիքներու բաւարարման գործը:
Անհրաժեշտ է բաւարար ժամանակ ու միջոցներ տրամադրել սփիւռքեան կառոյցները հզօրացնելու: Առանց հզօր սփիւռքեան կառոյցներու, Սփիւռքի կապը հայրենիքին հետ դժուար թէ հզօր ու արդիւնաւէտ դառնայ, հետեւաբար դժուար թէ «սփիւռքահայեր» կերտուին:
Այս երեւոյթներու մատնանշումը պէտք չէ շուքի տակ պահէ, սակայն, հայ աշխարհին ու սփիւռքեան կառոյցներուն նպաստելու բոլոր այն ճիգերն ու ջանքերը, որոնք կը գործադրուին Սփիւռքի մէջ ապրող զանազան անհատներու, կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կողմէ: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պէտք է տեսնել ու գնահատել այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք Սփիւռքի մէջ ապրող հայը հայ աշխարհին կը կապեն ու այդ կապը կ’ամրապնդեն:
Բոլոր անոնք, որոնք գիտակցաբար մտադիր են հայ աշխարհէն դուրս հայ մարդ մնալ եւ հայու ինքնութիւն կերտել, պէտք է հայ աշխարհը ու նաեւ սփիւռքեան իրականութիւնը իրենց լաւով ու վատով, իրենց ցաւով ու ողբով, իրենց լոյսով ու յոյսով ընդունին եւ զանոնք բարելաւելու համար գործե՛ն:
Պարզ է. հայ աշխարհէն հեռու ապրող մարդուն հայ պահելու ու ինքնութիւնը կերտելու լաւագոյն միջոցը հայրենադաձութիւնն է: Սակայն, այնքան ատեն որ համատարած հայրենադարձութիւնը իրատեսական ու իրականանալի չէ, հայրենադարձութեան կողքին, բայց անկէ նուազ ազդեցութեամբ, սփիւռքահա՛յ դառնալը անհրաժեշտ է:
Վերջապէս՝ ձեւաւորուող հաւաքական յուսահատութեան ու հայ աշխարհէն հեռաւորութիւն պահելու տրամադրութիւններու լոյսին տակ, հայ քաղաքական մտքի ներկայացուցիչներուն հիմնական առաքելութիւնը սփիւռքեան ժամանակակից, ինքնաբաւ, բազմաբնոյթ առաքելութիւն ունեցող կառոյցներու ճամբով հայրենիքին հետ մնայուն կապ պահող, հայրենիքին նպաստող սփիւռքահայ անհատ ու հասարակութիւն ձեւաւորելը պէտք է ըլլայ։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Լիզպոն, 21 Դեկտեմբեր 2022