Ականջակալները տեղաւորած գլխուս վրայ, կ’ունկնդրեմ Մոփասանի գործը, սիրահարուած կնոջ՝ Քրիստիանի, զգացական ու յուզիչ պատմութիւնը: Հեղինակը ներթափանցած է կնոջ զգացական աշխարհ զարմանալի հմտութեամբ, որ միայն տառապած կինը կրնայ զգալ:
Ուշքս՝ ընթերցման, աչքերս հեռատեսիլի պաստառին են, ուր դերասանուհին խարտեաշ, սիրուն, նրբակերտ, նման ըլլալու է Քրիստիանին:
Հերթական ֆիլմաշարերէն մէկն է, ո՞ր «սերիալ»-ը, ինչ ուշագրաւ վերնագրով չեմ գիտեր, բոլորն ալ այնքան նման են իրարու։
Նիւթը՝ դաւաճանութեան ու սպանութեան մասին, յաճախ ալ ծիծաղաշարժ տեսարարաններով ու խօսքերով զաւեշտ, ուր անխուսափելի խնդուքը կը հնչէ թելադրելով.
«Հոս պիտի խնդաս, չըլլայ որ մոռնաս»:
Այս «սերիալ»-ներու ուշագրաւ բաժինը, պերճանքը՝ վստահուած է զարդարուն գեղեցկուհիներու փաղանգին (ուռուցիկ շրթներով, մագիլանման եղունգներով): Իսկ պաստառի վրայի այս աղջիկը ըստ հեղինակի նկարագրականին, Քրիստիանն է՝ դեղձանիկի գոյն ներկած մազերով, ցից քթիկով ու մսոտ շրթներով … սխալած եմ, հայուհի դերակատար է, ան չի տառապիր, այլ քմծիծաղով երկրպագու հետեւորդի մը ցոյց կու տայ իր գեղեցիկ սրունքները:

Փոխե՞մ ալիքը, բոլոր ալիքներու սփռածը նոյնն է՝ «ցնցող սերիալներ» կամ անվերջանալի հարցազրոյցներ «խօսքի վարպետ» մեր քաղաքագէտներու կարծիքները ներառնող… ընթացքին լուրեր, որոնք վերնագրեր ունին «Իրական լուրեր», «Թարմ լուրեր», «Նոր Հայաստանի լուրեր»… իրաւունք ալ ունին, լուրերու մէջ այնքան ձեւակերպուած ստախօսութիւններ ու ժամկէտը անց տեղեկութիւններ կան, որոնք կարելի չէ որպէս պաշար ամբողջ ձմեռ մը սառցարանը պահել եւ թարմութեան երաշխիք տալ անոնց:
Նոր Հայաստանի լուրերը նոյնքան նման են մնացեալին, հոն ո՛չ հինը կարելի է զատորոշել, ո՛չ նորը յայտնագործել… անխուսափելի հիներն ու նորերը նոյն հրապարակի վրայ են, որո՞ւն հաւատալ, ո՞ր մէկուն վստահիլ։
Վերջերս ամենացնցող լուրը «Ֆրանսայի Ծերակոյտի Հայաստանի աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւն է… 295 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ».-
Հայաստանին նաեւ Արցախին զօրավիգ կանգնելու պահանջ-կոչ- առաջարկ պարունակող այս բանաձեւի մասին լուրը ռումբի նման պայթեցաւ ու բեկորները ողողեցին լրատուամիջոցներն ու ֆէյսպուքը: Խորհրդարանի ներկայացուցիչները, քաղաքագէտներ շնորհակալական խօսքերով դրուատեցին Ֆրանսայի ասպետական  կեցուածքը… վարդագոյն յոյսեր, վարդի բոյրով ու գեղեցիկ տեսքով: Սակայն առայժմ բոլորը՝ թուղթի վրայ…
Տարիներ առաջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւններ յաջորդաբար ի յայտ կու գային, մեծ ցնծութիւն ու ոգեւորութիւն պատճառելով համայն հայութեան, յատկապէս սփիւքահայութեան:
Տետրակ մը յատկացուցած էի, ուր մեծ բաւարարութեամբ կ’արձանագրէի Հայկական կոտորածը որպէս «Ցեղասպանութիւն» ընդունող երկրի անունը, ընդունման տարեթիւը, ամիսը.. առաջինը Ուրուկուէյն էր… իսկ վերջինը եղաւ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգները, որուն բոլոր նախագահները անխտիր նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին խոստացան, ձայներ կորզեցին ու դրժեցին իրենց տուած խոստումը… միայն ներկայ նախագահն էր, որ տէր եղաւ իր խոստման ու ճանչցաւ հարիւր տարի առաջ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը… պատմական իրողութիւն մը, որուն ընդունման ի խնդիր չեմ հասկնար ինչո՞ւ այնքան տառապեցանք, երախտապարտ զգացինք, գովերգեցինք գերպետութիւնը ակնկալիքներով ու… արդիւնքը՝ կրկին թուղթի վրայ արձանագրուած հաստատում:
Ես այդ տետրակը կորսնցուցի տեղափոխութիւններու ընթացքին, ըլլար իսկ այլեւս խանդավառութեամբ չէի արձանագրեր:
Հասկնալի է, Ցեղասպանութեան գաւազանը արդէն պիտանի չէ, իրարայաջորդ սերունդները փոխուած են, մերուած, համակերպած, նոյնիսկ անտարբեր դարձած հայ ապրելու ծանր լուծը թօթափելով:
Պահանջատիրութեան պայքարը աստիճանաբար տեղի կու տար, թերեւս տուա՞ծ է, պիտի յանձնուի՞նք:
Ժամանակը կ’ընթանայ, տարիները կը գլորին, մարդը կ’ընտելանայ ցաւին, նոյնիսկ կ’անտեսէ ցաւալի իրողութիւններ… փաստ՝ ներկայ վիճակը:
Ապրի հայը, որ գիտէ լռել միայն-
Օտարին դիմաց
Որ գիտէ կրել միայն-
Օտարին համար
Մինչդեռ անոնք մէկ բառ գիտեն
Մէկ բառ կ’ուզեն-
Տիրել միայն
Զարեհ Խրախունի
Ֆրանսական բանաձեւը անսպասելիօրէն ցնցող էր ու խռովութիւն ստեղծեց, թշնամին նեղացաւ, բողոքեց, յոխորտաց, մատ թափ տուաւ, կրակեց, վիրաւորներ, նոր զոհեր եղան, սակայն իր զօրքը մնաց նոյն տեղը, «ոչ կարեւոր» բարձունքներու վրայ:
Եւ ամէն գնով խաղաղութիւն ձեռք ձգելու իշխանութեան վերաբերմունքը  մնաց անսասան:
Մենք ուզում ենք 
Սին երազի երկար կապը քաշե՜լ-քաշե՜լ
(ինչպէս երկար թել ունեցող փուչիկների 
Թելն են քաշում մանուկները)
Պարոյր Սեւակ
Լուրերը ընդհանրապէս «թարմ» չէին, ոչ ալ «իրական»: Տողատակեր ունէին, որոնց խաչբառային լուծումը համաձայնագրի յատուկ հանդիպումներէ ետք ի յայտ կու գար ու… կ’արդարացուէր:
Պարտուած երկիր, ջախջախուած բանակ, բռնագրաւուած տարածքներ…
«Օկուպացուած» հայերէն նոր բառ, որ կը հնչէ ճղճղան ձայնով Ազգային ժողովէն, հեռատեսիլի ալիքներէն, մամուլով…
«Օկուպացուած» այսինքն «բռնագրաւուած» տարածքներ բառի ծանրութիւնն ու պատճառած կոտտանքը թեթեւցնե՞լ, թէ ոսկեղնիկը աղաւաղել։ Նման լատինարմատ բառերով կարելի է երկար ցանկ պատրաստել, ինչպէս զուր աշխատանք կը տանէր «Լեզուի կոմիտէ»-ն յաջորդական յորդորակներ հրապարակելով.
«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բառք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն»: 
Շահան Շահնուր
Հայկական տարածքները կծկուելով, սեղմուելով պիտի դառնան 29500 մեթր քառ. … ներողութիւն քիլոմեթր քառ., պաշտօնական յայտարարութիւն է իւրաքանչիւր հայի սիրտը խոցող:
Պատմութեան անիւը հակառակ ուղղութեամբ շրջելով՝ եւս կրկնութիւն. հարիւր տարի առաջ, հինգհարիւր տարի առաջ նոյն ցաւալի պատկերը։
Այս օրերուն ո՞վ գիրք կամ պատմութիւն կը կարդայ:
Այս օրերուն մայրաքաղաքի կեդրոնի ճամբաները փակ են, տօնածառը հրապարակի վրայ կանգնեցնելու, գլխաւոր փողոցները լաւագոյնս զարդարելու տարերքը քաղաքապետարանի միակ մտահոգութիւնն է:
Նոր Տարի, Մանկական Եւրոտեսիլ:
Զարդարանքի համար մսխուած միլիոններ…
Սահմանին ամէն օր թշնամիի կրակոցէն զոհուող զինծառայող: Պաշտօնական բողոքներ, «ձայն բարբառոյ յանապատի» ու համայն անտարբերութիւն:
Ես այս երգը երգում եմ սկզբից,
Որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու,
Յովհաննէս Գրիգորեան
Ես այդ երգի աւարտին չեմ ուզեր սպասել.
ՄԵՆՔ
Անմիաբան ենք                          
Անտարբեր ենք
Անուշադիր ենք
Եւ մենք կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին:
Շ. Շահնուր
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Պերճուհի Աւետեան