«Թերթ»._17 Յունուարին աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործոց դաշնային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկի հետ։

Հայաստանի ու Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ է աշխոյժ քաղաքական երկխօսութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են գործուն քայլեր ձեռնարկելու երկկողմ օրակարգը աւելի հարստացնելու ուղղութեամբ: Այս առիթով կարեւոր համարուած է առեւտրատնտեսական գործակցութեան զարգացումը, գործարար կապերու աշխուժացումն ու ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը:

Հանդիպումի ընթացքին նախարար Միրզոյեան իր գործընկերոջը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օրէ օր վատթարացող մարդկային իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճան իր գործողութիւններով կը միտի ցեղային զտման ենթարկել ԼՂ հայութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է միջազգային գործընկերներու կողմէն յստակ գործողութիւններու հրամայականը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անմարդկային շրջափակումը դադրեցնելու համար։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ 19 Դեկտեմբերի 2022_ին աւարտած Եւրոմիութեան մշտադիտարկումի առաքելութեան եւ մատչելի նոր առաքելութեան իրականացման մասին:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային բնոյթի հարցերուն, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հայ֊աւստրիական գործակցութեան եւ ընդհանուր օրակարգերու յառաջմղումին։