Խառն ամուսնութիւնները, արեւմտահայերէնի հարցերուն հետ կը մնան թէժ եւ էական հարցեր մեզի համար: Սիրտ մաշեցնող հարցեր,  որոնք կը դառնան մեր գրեթէ բոլոր հանդիպումներուն առանցքը:
– Եթէ զաւակներդ ալ օտարներու հետ ամուսնանան…
Կրնայ ըլլալ. ոչ ոք պաշտպանուած է այս ախտին դէմ, որովհետեւ հակադեղը տակաւին չենք գտած:
Բայց այսքանը չէր գրուեր եթէ ականատես վկան եղած չըլլայի հայ երիտասարդի մը հայ ընտանիք կազմելու  ճիգերուն:
Այդ հայ երիտասարդը, հակառակ լրիւ օտար շրջապատի մը մէջ ապրած ըլլալուն, ճիգ չէր խնայեր ծանօթանալու եւ կապուելու հայ աղջկայ մը հետ, ընտանիք կազմելու համար:
Բայց քանի մը հայ աղջիկներու հետ ունեցած փորձառութիւնը ցոյց տուաւ որ հայ օրիորդը ընդհանրապէս մէկ ու միակողմանի դիտանկիւն ունի՝ թեկնածուին հարստութեան չափը, որուն հետեւանքով հայ երիտասարդը ինքզինքին իրաւունք կու տայ «ընտրելու շուկային լաւագոյնը»՝ գեղադէմ եւ գեղամարմին հայուհի մը:
Հետեւա՞նքը:
Ճիշդ գուշակեցիք՝ օտար ամուսնութիւններ, կամ՝ ամուսնալուծումներ:
Պարզ տրամաբանութեամբ՝ եթէ հայ օրիորդը չի գիտեր գնահատել էական արժանիքներ (որոնց մաս չի կազմեր գեր-հարստութիւնը), ուրեմն երիտասարդները կ’ուղղուին հոն, ուր կը գնահատուին իրենց արժանիքները: Գրեթէ նոյն պատճառներով է, որ հայ երիտասարդները կ’ուղղուին այլ դաւանանքներու, մանաւանդ անոնցմէ մէկուն, որ խորքին մէջ աղանդաւորական կը համարենք մենք՝ մորմոնականութեան:
Ըսել չէ անշուշտ, որ բոլոր երիտասարդուհիները նոյն ախտէն կը տառապին, բայց, ինչպէս հայաստանցիք կ’ըսեն՝ «լաւերը ջրի երես չեն»: Այս երիտասարդուհիները, ի չգոյէ հայ երիտասարդներու, որոնք օտար ամուսնութիւններ կնքեր են, կը դատապարտուին կա՛մ մինակ ապրելու, կա՛մ իրենք եւս օտար ամուսնութիւններ կը կնքեն:
Այս բոլորը տեսական կարծիքներ չեն, մտացածին հեքիաթներ չե՛ն. իրապէ՛ս տեղի ունեցած դէպքեր են:
Մեզի համար դժբախտութիւն է այն, որ տարբեր դաւանանքներու եւ տարբեր ազգերու երիտասարդներ ճիգ չեն խնայեր հայ աղջիկներուն տիրանալու համար, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, տարբեր պատճառներով.
Ա. Հայերը իրենց մէջ ձուլելու եւ անոնց հարստութեան տիրելու համար, ինչպէս է պարագան Եգիպտոսի ղպտիներուն.
Բ. Հայ աղջիկները գեղանի են, տանտիկին են, ընտանիքին տէր կանգնող են, աշխատասէր են եւ այլն.
Գ. Արեւելքի պարագային՝ քրիստոնեայ աղջիկները իսլամացնելու համար:
Մեր թապուներէն մէկն է ասիկա, որուն մասին ընդհանրապէս կը զգուշանանք խօսելէ, կամ ալ պարզապէս ա՛լ յոյս չունինք, որ խօսելով կրնանք բան մը փոխել, հետեւաբար կը լռենք:
Բայց եթէ կ’ուզենք լուծումներ փնտռել – կրնանք նաեւ չգտնել – պէ՛տք է արծարծենք այս հարցը, որ հարց ըլլալէ շատ աւելի անդին է, դարձեր է ցաւ, սրտմաշուք, հոգին հիւծող ախտ:
«Արեւելք»-ի (Իսթամպուլ) մէջ լոյս տեսած Ալպէռ Քէշիշի յօդուածը՝ «Մտորումներ Պոլսահայոց Խառն Ամուսնութիւններուն Մասին» ճիշդ այս հարցին կ’անդրադառնայ, բայց այնտեղ նկատի առնուած է միայն պոլսահայոց պարագան, որ կարգ մը կէտերու մէջ շատ նման է այլ գաղութներու պարագային, ինչպէս օրինակ գաղութներուն աւանդական մթնոլորտն ու անոր հակադրուող «այլ»-ին «արդիականութիւնը»:
«Այլը» գլխաւոր, թերեւս միակ եւ բազմաճանկ խոչընդոտն է այս հարցին, որ ոչ միայն ուշացեր ենք արծարծելու, այլ մանաւանդ լուծելու: Այսօր չի՛ բաւեր խօսիլ այդ մասին: Այսօր արագ, հիմնաւոր, էական լուծումներ պէտք են:
Այս օրերուն, երբ Արցախը բռնկած է եւ անոր հրդեհով բռնկած է Սփիւռքը, թերեւս շատերու համար անհեթեթ թուի այս հարցը բարձրացնելը:
Բայց մեր պայքարը նաե՛ւ ԹԻՒԻ պայքար է. ճիշդ է որ շատ մեծ անուններ ունինք միջազգային երկնակամարին վրայ, մշակութային, արուեստի, գրականութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ, բայց անունով ո՛չ հող կ’ազատագրուի, ո՛չ հող կը պահուի: Ճիշդ է նաեւ, որ միշտ փոքր եղեր է մեր թիւը, բայց միշտ եղեր ենք պայքարող ժողովուրդ: Եթէ դարերու ընթացքին կորսնցուցեր ենք մեր մարտունակութիւնը, այսօր իրաւունք չունինք թիւ կորսնցնելու:
Օտար ամուսնութիւն կը նշանակէ աւանդութիւններէ հեռացում, լեզուական նահանջ, իսկ այս երկուքը իրենք են, որոնք իրենց մէջ կը կրեն մեր՝ հայու «տեսակ»ը: Չի՛ բաւեր լեզուի մասին գեղեցիկ յօդուածներ ստորագրել, պէտք է քաջաբար ընդունինք մեր պարտութիւնը եւ յետոյ նոր թափով լծուինք մեր հարցերուն լուծումներ գտնելու աշխատանքին:
Ալպէռ Քէշիշի յօդուածը կարծես արդարացումներ կը փնտռէ, օտար ամուսնութիւններու պատճառները թուելով պատճառաբանութիւններ կը ներկայացնէ:
Ի՞նչ ընէ սակայն:
Իրապէ՛ս դժուար կը թուի, մանաւանդ ամուսնութիւններու պարագան: «Սէրը ազգութիւն չի ճանչնար»: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ սիրոյ բազմաթիւ հեքիաթներն ու պատմութիւնները «And they lived happily ever after» բառերով չվերջանային, այլ վարագոյրը կամացուկ մը վերցնէին ever after-ին վրայէն ու տեսնէինք թէ ինչեր տեղի կ’ունենան իրական կեանքին մէջ:
Ի՞նչ ընել ուրեմն:
Պեղել: Պեղել երեւոյթը իր ամբողջութեամբ, մաքրել արդրացումներու հողը, պատճառները դիտել որպէս պատճառ եւ ոչ՝ պատճառաբանութիւն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ աշխատանքը սկսիլ սերունդին մանուկ տարիքէն:
Ամուսնութեան մասին խօսի՞լ մանուկ տարիքէն:
Սիրո՛յ մասին խօսիլ եւ զօրացնել (կամ սերմանել) մանուկին մտածելու կարողութիւնը:
Մտածելը պիտի հասնի գիտակցութեան. Մանուկը, պատանին, ի վերջոյ պիտի հասկնայ թէ ինչո՛ւ հայերէնի դասերը պէտք է լաւ սորվի, պէտք է գուրգուրայ իր հայութեան վրայ եւ ինչո՛ւ հայ կողակիցով ընտանիք պէտք է կազմէ:
«Այս բոլորը պարապ բաներ են …»:
Յաճախ մեր առօրեան ալ պարապ բաներէ կազմուած կ’ըլլայ՝ կողակիցին հետ հայերէնով վիճիլ, միասնաբար Վահէ Պէրպէրեան, Փիէռ Շամմասեան կամ Գրիգոր Սաթամեան դիտել, նոյն անեքթոտը լսելով ծիծաղիլ, զաւակներուն հայկական անուններ տալ եւ հայկական հեքիաթներ պատմել,- եթէ տակաւին հեքիաթ պատմող մայրեր եւ մեծ մայրեր կան:
Երբեմն կը մտածեմ՝ հարիւր տարի եւ աւելի ապրեցանք, երբ, ըստ պայմաններուն, պէտք էր մեռնէինք. հարիւր տարի եւ աւելի ապրեցանք, որովհետեւ մեզի տրուածն ու մեր ունեցածը գուրգուրացինք, փոխանցուած ջահը վառ պահեցինք: Հարիւր եւ աւելի տարի ետք նոր հարիւրը կը սկսի ներկայէն. կրնայ չսկսիլ, որովհետեւ դպրոցներ կը փակուին, խառն ամուսնութիւններէ ծնած մանուկներ կը կորսնցնեն հայու տեսակին նոյնիսկ արտաքինը, գանկին ձեւէն մինչեւ մորթին գոյնը:
Ինչո՞ւ այս առօրեական հմայքը այլով: Առօրեական կ’ըսեմ, որովհետեւ առօրեայէն դուրս, երբ կը խօսինք ազգ-ոգի-հայութիւն նիւթերուն շուրջ, ընդհանրապէս մեր կեցուածքը լրիւ տարբեր է՝ հայ ենք 100%, կու տանք մեր ունեցածն ու ունեցածէն աւելին, պատրաստ ենք զոհուիլ այս սուրբ եռեակին համար՝ հայ ոգի, հայութիւն, հայրենիք:
Ի՞նչ կը պատահի ուրեմն, երբ առօրեային դառնանք:
-Հայկական դպրոցներուն ծրագիրը շատ ծանր է, շատ խճողուած է, արդիական չէ, հայերէնի ուսուցչուհիները լաւ չեն …
-Ինչպէ՞ս ընտրութիւն ընեմ մէկ, երկու, շատ-շատ երեք թեկնածուներու միջեւ. հարիւր օտարին մէջէն շատ աւելի դիւրին է ընտրութիւն կատարելը:
-Մեր մակարդակին համեմատ ուրկէ՞ թեկնածու գտնենք մեր աղջկան համար …
Ասոնցմէ մէկ քանին ընդունելի պատճառներ են, մնացեալը՝ պատճառաբանութիւն:
Բայց չեմ կրնար չյիշել Խաչատուր Աբովեան, Դանիէլ Վարուժան, Ռուբէն Սեւակ, Արամ Խաչատրեան, Գարզու, Գուրգէն Մահարի, մինչեւ ժամանակակից հայեր ինչպէս Արմէն Հախնազարեան եւ շատ ու շատ անուններ:
Ինչո՞ւ այս անունները կողք կողքի կը դնենք, ի՞նչ է անոնց հասարակ յայտարարը:
Օտար կողակիցը:
Այս դէմքերը սակայն չափանիշ չեն, այլ՝ բացառութիւն:
Երեք կարեւոր կէտերով թերեւս կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել.
1- Նոր սերունդին հետ աշխատելու խիստ ուսումնասիրուած ծրագիր ստեղծել:
2- Այլին հետ յարաբերելու ձեւ որդեգրել, չիյնալու համար երկու ծայրայեղութիւններէն մէկուն՝ ընկերային փակուածութեան կամ լրիւ այլի հմայքին յանձնուելուն վիհը։
3- Գիտակցութիւն արթնցնել:
Ասոնց կարելի է երկար եւ հանգամանալի ձեւով անդրադառնալ:
1-Նոր սերունդին հետ աշխատելու խիստ ուսումնասիրուած ծրագրին գոյութեան եւ յաջողութեան պարագային (կրնայ նաեւ ձախողութեան մատնուիլ), երկրորդ եւ երրորդ կէտերը կիսով լուծուած կրնան համարուիլ:
Այս էութենական հարցին մասին կրնայինք խօսելու պէտք չունենալ, եթէ խառն ամուսնութիւններու մեծ տոկոս մը չըլլար մեր գաղութներէն ներս, ինչ որ կը հաստատէ մեր շատ ուշացած ըլլալը այս կարեւոր խնդրին լուծումներ գտնելու համար:
Ընտանիք մը եթէ հայկական առօրեայ եւ կենցաղ ունի, արդէն ինքնաբերաբար հայկական կենսաձեւով եւ մթնոլորտի մէջ կը դաստիարակէ իր զաւակները:
Այս ծրագրին մէջ, հայկականութեան կողքին այլ  կէտերու ալ կարելի է անդրադառնալ, ինչպէս օրինակ կողակից մը ընտրելու սկըզբունքներ, կեանքի երազներ, հարցում հարցնելու – մտածելու – մտիկ ընելու, իմանալու եւ նման ունակութիւններ:
Նման աշխատանք կը տարուի դպրոցէն դուրս ակումբներու, կամ կանոնաւոր հերթականութիւն ունեցող հաւաքներու ընթացքին, ինչպէս սկաուտական շարժում, կիրակնօրեայ դպրոց եւ այլն:
Հաւանաբար շատ դժուար ըլլայ այս բոլորը ջամբել այնպիսի սերունդի մը, որ մանկութենէն իսկ cyber խաղերով տարուած, ոչ միայն կեդրոնանալու հարց ունի, այլ նաեւ անփոյթ է եւ անտարբեր: Հակառակ դժուարութեան, ի  հեճուկս դժուարութեան, պարտաւոր ենք արագօրէն լուծումներու հասնիլ, որովհետեւ խառն ամուսնութիւններու պատճառով է որ մեր ինքնութիւնը սկսած է ձեւափոխուիլ:
2-Այլին հետ յարաբերելու ձեւ
Չապրիլ հայրենի հողին վրայ, խեղդուիլ օտարութեան մէջ, լեզուէն մինչեւ հեռատեսիլ, իսկ գիշերները, երբ նստիլ հեռատեսիլին առջեւ ու յիշել – կամ չյիշել – որ հայ ես … դժուար բան է, շատ դժուար:
«Փարիզի տղաք»-ը առաջիններն էին, որ ապրեցան այս դժուարութիւնը դեռ 1930-ականներուն, գրեցին այդ մասին, բայց հոգեկան տառապանքը, յաճախ մարմնականի վերածուած, զգետնեց զիրենք:
Այսօր թէեւ աւելի զօրաւոր եւ գիտակ արդիական բոլոր միջոցներուն, մեր ներքին զրահը հիմնական ճաքեր ունի, որովհետեւ չունեցանք այլին հետ յարաբերելու կայուն ուղի մը:
3-Գիտակցութիւն
«Կրկնութիւնը մայրն է ամէն գիտութեան».
«Գիտութիւնը մայրն է ամէն իմացումի».
«Գիտակցութիւնը մայրն է բոլոր դժուարութիւններուն յաղթահարումին»:
Դժուար, շատ դժուար, բայց կարելի աշխատանք:
Մարուշ Երամեան