Արցախի աւելի քան մէկ ամսուան շրջափակումը, հակառակ հնչող բազմապիսի կոչերուն, գործնական ոչ մէկ արձագանգ գտաւ: Եթէ նկատի չառնենք մարդկային աղիտալի վիճակը բարելաւելու մարդասիրական սահմանափակ օժանդակութիւնները, յստակօրէն կը տեսնենք որ միջազգային ընտանիքը, ՄԱԿ-ը գործնական ոչ մէկ քայլի կը նախաձեռնեն մարդկային աղէտը կանխելու համար:
Անկախ երկիրներու քաղաքական դիրքորոշումներէն, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւններ, պետութիւններ կոչերէն մէկ քայլ անդին չեն անցնիր անարդարութեան վերջ տալու եւ Արցախի բնակչութեան կենսական իրաւունքները վերականգնելու համար:
Առիթը շահագործելով Ատրպէյճան մարդկային ճգնաժամէն անդին անցնելով Արցախը հայաթափելու հեռահար ծրագիր կը մշակէ, կոպտօրէն խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրն անգամ:
Հարաւային Կովկասէն ոչ շատ հեռու՝ Սուրիոյ մէջ եւս մարդկային աղիտալի իրավիճակ կը տիրէ: Ձմրան ամենացուրտ օրերուն մարդիկ զրկուած են վառելանիւթէ եւ ելեկտրականութենէ, դեղորայքի տագնապը տակաւ կը սաստկանայ: Բնակչութիւնը, անկախ տնտեսական տագնապէն, առողջ ապրելու նուազագոյն պայմաններն իսկ կը դժուարանայ ապահովել:
Գերպետութիւններու բախող շահերը կուրցուցած են անոնց ղեկավարներն ու ամլացուցած մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մեքանիզմները:
Ճիշդ է որ քաղաքական առումով երկու հանրապետութիւններու՝ Սուրիոյ եւ Արցախի, դիմագրաւած հարցերը բոլորովին տարբեր են, սակայն մարդկային իրավիճակները համարեա՛ իրերանման են: Նման աղէտներ արձագանգի պէտք է արժանանան ու բողոքի լայն ալիք բարձրացնեն աշխարհով մէկ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս եկող, սակայն ամլացած, կազմակերպութիւններու կառոյցներուն դիմաց՝ նախ կասեցնելու մարդկային  կեանքին սպառնացող շրջափակումները, ապա դատապարտելու աղէտը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնող պետութիւններ եւ վերջապէս պատասխանատուութեան հրաւիրելու նման աղէտներու պատճառ դարձող կողմեր:
Եթէ Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը իր միասնակամութեամբ կրնայ յաղթահարել նման աղէտներ ու վերականգնել երկրի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը՝ օգտուելու իր իսկ երկրին անսահման հարըստութիւններէն, Արցախի պարագային ատրպէյճանական կողմին ոտնձգութիւնները մեծագոյն ապացոյցն են այն իրողութեան, որ Արցախի բնակչութեան փրկութիւնը կարելի կրնայ դառնալ միայն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումով:
Քաղաքական ծրագիրները, սակայն, աշխարհաքաղաքական ներկայ եռուն վիճակին մէջ, երկար ժամանակի ու քաղաքական բարդ բանակցութիւններու կը կարօտին կեանքի կոչուելու համար, էականը մարդկային աղէտներու կանխումն է առաջին հերթին: Աղէտներ, զորս կարելի է կասեցնել եթէ մարդկութիւնն ու մարդկայինը զերծ կացուցանուին քաղաքական հաշիւներէ:  Այլապէս ի՞նչ նպատակով յառաջացած են ու կը շարունակեն գործել մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները…