ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ 19 Յունուարին տեղւոյն ժամը 01:30-ի սահմաններուն, տակաւին չպարզուած հանգամանքով հրդեհ բռնկած է Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին տեղակայուած ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի կացարանին մէջ:

Հակառակ որ դէպքի վայրին մէջ ծաւալած են հրդեհաշիջման աշխատանքներ, հրդեհին հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։

Նախնական տուեալներով Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհին հետեւանքով զոհուած է 15 զինուորական ծառայող, 3 զինուորական ծառայողի վիճակը ծանր է: