Շուէտի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական սուր տագնապ յառաջացաւ վերջին օրերուն, երբ խումբ մը «խենթ» քիւրտեր (Օճալանի հետեւորդներ) Սթոքհոլմի մէջ գլխիվայր կախաղան հանեցին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խամաճիկը, պահանջելով, որ ան դատուի եւ դատապարտուի իբրեւ ոճրագործ-բռնատէր, մատնուի Պենիթթօ Մուսոլինիի ճակատագրին (Հիթլէրի դաշնակիցը գնդակահարուած էր Բ. Աշխարհամարտի աւարտին):
Դէպքը փոթորիկ ստեղծեց ո՛չ միայն Թուրքիա-Շուէտ յարաբերութեանց գիծին վրայ, այլ նաեւ լայն արձագանգ գտաւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակին ու միջազգային մամուլին մէջ, լուսարձակները բիրտ կերպով կեդրոնացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ոճրային քաղաքանութեան վրայ:
Թուրքիոյ ոճիրներուն դէմ քրտական արշաւները նորութիւն չեն, սակայն այս անգամ (քանի՛երորդ անգամ ըլլալով) լայն արձագանգ կը գտնեն միջազգային բեմին վրայ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Շուէտ կ’ուզէ անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին, Թուրքիա վեթօ դրած էր, պահանջ ներկայացուցած էր Սթոքհոլմին, որ վերջ դնէ քրտական կազմակերպութեանց՝ իր հողերուն վրայ գործունէութեան ու իրեն յանձնէ կարգ մը պարագլուխներ: Շուէտ նահանջներ արձանագրած էր, տրամադրութիւն ցոյց տուած՝ ընդառաջելու Էրտողանի պահանջներուն, պատրաստ էր աչք փակելու Թուրքիոյ ոճիրներուն վրայ, եւ ահա… խամաճիկի մը կախուիլը տակն ու վրայ կ’ընէ ամէն բան, Անգարա դարձեալ կը խօսի սպառնալիքներով: Եփած ապուրին մէջ մեծ կաթսայով սառոյց կը թափուի:
* * *
Կարելի է երկար սիւնակներ արձանագրել Թուրքիա-Շուէտ յարաբերութեանց, նաեւ՝ Թուրքիոյ այս ու այլ ոճիրներուն դիմաց աչք ու ականջ փակելու արեւմուտքցիներու մեղսակից կեցուածքներուն վրայ: Կրնանք հարցարան մը ցանկագրել, թէ վաղը, քիւրտերը ի՞նչ հակադարձութիւններու կրնան մատնուիլ Շուէտի մէջ կամ այլուր: Կրնանք նաեւ մանրամասնօրէն վերյիշել, թէ քիւրտերը ինչպիսի՜ շերտաւորումներ ունին, մէկ կողմէ սպանդի ու բռնաճնշումներու կ’ենթարկուին Թուրքիոյ կողմէ (Թուրքիա, Սուրիա, Իրաք), այլ գիծի մը վրայ կը գործակցին անոր հետ, սուրիական եւ իրաքեան որոշ դաշտերու մէջ, իսկ այլ գիծի մը վրայ ալ Արեւմուտքին թմբուկներուն կշռոյթով կը պարեն Իրանի մէջ: Մեր նպատակը այստեղ նման քննարկումներու ու մեկնաբանութիւններու մէջ ընկղմիլը չէ, այլ շեշտել, որ քիւրտերը ԱԶԴՈՒ ՁԵՒ ՄԸ ԳՏԱԾ ԵՆ իրենց դէմ Թուրքիոյ ոճիրներուն վրայ լուսարձակ բերելու եւ Շուէտի ու անոր կողքին եղողներուն հաշիւները տակն ու վրայ ընելու համար: Անոնք հազար ու մէկ հաշիւ չեն ըներ, թէ Շուէտի  վերջոյ երկար ատենէ ապաստան տուած է իրենց, այլ ԻՐԵՆՑ ՇԱՀՆ ՈՒ ԴԱՏԸ յառաջ տանելու համար, չեն վարանիր հարուած տալու Շուէտի իշխանութիւններուն: Եւ ահա այնպէս կ’երեւի, թէ խամաճիկ մը այնքան ազդու է, որքան ռումբ մը:
* * *
Թէ այս մէկ քայլը՝ Էրտողանի խամաճիկը կախելը վաղը ի՞նչ նոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, ինչպիսի՞ սակարկութիւններու դուռ կրնայ բանալ՝ ձգենք ապագային, եւ խօսինք մեր՝ հայկական վիճակի դիտանկիւնէն:
Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր, Բերձորի անցքը կղպուած է Ատրպէյճանի կողմէ, որուն ոճրային այս ու նախընթաց բոլոր քայլերուն, հեռահաս նպատակներուն մեղսակից է Թուրքիա, իսկ Արեւմուտքի դաշնակիցները հազար խօսք շռայլած են ի նպաստ Արցախին: Հայաստանի իշխանութիւնն ու ընդդիմադիր ճակատը, Արցախի իշխանութիւններն ու հայկական մարդասիրական միաւորներ, նաեւ ռուս խաղաղապահները առաջին իսկ օրէն հեւ ի հեւ գործի լծուած են լուծում մը գտնելու համար մարդկային ողբերգութեան (այստեղ կանգ չառնենք այն ձախաւերութիւններուն ու քաղաքական խաղերուն վրայ, որոնք կացութիւնը հոս հասցուցին, ոչ ալ տարուինք այն վէճերով, թէ ռուսական կողմը մեղսակի՞ց է թէ ցաւակից): Փաստօրէն, հիմա Ատրպէյճանի մէջ գերի բռնուած հայերու տագնապը յետին լուսանցք ինկած է, որովհետեւ 120 հազար արցախցիներ կը գտնուին շուտով սովամահ ըլլալու կամ իրենց հայրենիքէն բռնի կերպով հեռացուելու վտանգին տակ, բազմաթիւ ընտանիքներ բաժանուած կը մնան…: Այդ բոլորը կը մնան ապարդիւն, ինչպէս որ բութ կը մնան Սփիւռքի մէջ ծայր առած բողոքի քայլերը: Անդին, մէկ քայլ, լաւապէս ընտրուած տեղի մը տրուած փափուկ հարուած մը սպասուած լայն արձագանգը կը գտնէ, եւ… անուղղակի պատգամ մը կը հնչեցնէ, որ եթէ գտնես թշնամիիդ՝ ոճրագործին ու բռնադատողին մէկ տկար կէտը եւ հարուածդ հոն հասցնես յարմար պահուն, կրնաս շա՛տ աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ:
Խամաճիկ մը կախելը ըստ ամենայնի այնպիսի՛ ազդեցութիւն ունեցաւ, որքան պիտի ունենար թրքական հաստատութեան մը ականահարումը կամ պետական ոճրագործի մը մահապատիժի ենթարկումը: Այլ խօսքով, երբ մարդիկ կ’ըսեն, թէ թուրք-ազերիական գրաւումներն ու բռնարարքները, նոր ցեղասպանութեան մը հողի պատրաստութիւնը կարելի է հակակշռել եւ կէտեր շահիլ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՎ, նման կոչերու ետին անպայման զէնքով ու ռումբով արարքներու հրահրում պէտք չէ տեսնել (թէեւ անիկա ալ իր տեղն ու ազդեցութիւնը ունի, անկախ անկէ, թէ Հայաստանի մէջ կան «Նեմեսիս»-ը քննարկման առարկայ դարձնելու պատրաստուող թրքամոլ տխմարներ…):
Օտարները առած մը ունին. «Ամէն բան արդար է սիրոյ եւ պատերազմի մէջ»: Մեր հայրենապաշտպանները այս խօսքին իմաստը քաջ գիտցած են անցեալին, գործած են «Մէկ բռունցքը հազար բառէն աւելի ուժեղ է» տրամաբանութեամբ, մերժած են «զիջինք, զիջինք, հանդուրժենք, խաղաղութիւն մուրանք» (ան)սկզբունքները: Մեր քաջերէն շատեր դիմած են «խենթ» արարքներու,  որովհետեւ փորձը ցոյց տուած է, թէ խենթին գլորած քարը երբեմն հազար խելօք չեն կրնար վերցնել:
…Որքա՞ն կարելի է դիտող մեկնաբան մնալ, որքան ալ որ ճիշդ ըլլան մտածումներն ու հայեցակէտերը: Արցախի փրկութիւնը, Հայաստանի կորստեան կանխարգիլումը եւ ընդհանրապէս կորուստներուն վերականգնումը երբեմն կը կարօտին «խենթ» ու ցաւցնող արարքներու: Իսկ մեր ժողովուրդը միշտ ալ պաշտած է նման «խենթեր», ձեռքերը միացուցած է անոնց զօրակցելու համար:
Ս. Մահսերէճեան