«Էրմէնի Հապէր»- Վանի թանգարանի տնօրէն Ֆաթիհ Արաբ եւ տեղւոյն համալսարանի գրականութեան ճիւղի հնաբանութեան բաժինի ղեկավար, փրոֆ. Ռաֆէթ Չաւուշօղլու տարածաշրջանի պատմական կառոյցներու ամրապնդման աշխատանքներու շրջագիծին մէջ հետազօտութիւն իրականացուցած են որպէս մշակութային անշարժ ժառանգութիւն գրանցուած Մադավանքի տարածքին մէջ։
Աշխատանքներուն ընթացքին Վանայ լիճին ջուրի մակարդակը իջնելուն հետեւանքով յայտնաբերուած է ուրարտական շրջանի գերեզմանոց մը, որ ունի 3 առանձին սենեակատիպ հատուածներ:
Հետազօտողներէն Չաւուշօղլուն դիտել տուած է, որ ուրարտական շրջանին յատուկ դասական գերեզմանոց է, որուն մէջտեղի սենեակը համեմատաբար մեծ է, իսկ յարակից սենեակները՝ փոքր: Գերեզմանի պատին վրայ յայտնաբերուած է 3 բացուածք, որ նախատեսուած է  նուէրներու համար:
Հնաբանները նշած են, որ առաջին անգամ նմանատիպ գերեզմանոց կը պեղեն։