Նոր Տարին սրտիս ամենամօտիկ տօներէն մին էր. զայն մանուկի անհամբերութեամբ ու եռանդով կը սպասէի ամէն տարի:
Նոր Տարուան գիշերը բոլոր բնակարաններու սեղանները տարբեր ճոխութեամբ լեցուն կ’ըլլան, սակայն այդ ճոխութիւնը անիմաստ կը դառնայ առանց այդ սեղաններուն շուրջը  խմբուող հարազատներուն, որոնք ամբողջական իմաստ կու տան տօնական օրերուն:
Նոր Տարուան գիշերը այդ սեղանին շուրջ հաւաքուելով, մտերմիկ զրոյցներով, ապա եկեղեցի այցելութեամբ, տարուան առաջին վայրկեանները կը դիմաւորէինք աղօթքով, որպէսզի տարուան օրերը Աստուծոյ օրհնութեամբ լեցուէին:
Կաղանդ Պապան դիմաւորելը, անոր նուէրներուն տոպրակով հրճուիլը ու տակաւին շատ ու շատ սովորոյթներ Նոր Տարուան գիշերը իւրայատուկ տօնի կը վերածէին:
Եկուր տես, որ վերջին այս քանի մը տարիներու Նոր Տարուան ուրախութիւնը հարիւրութսուն աստիճան փոխուեցաւ ինծի համար: Կարծէք Նոր Տարուան գիշերը դիմաւորելը մտահոգութիւն ու հոգ դարձաւ ու չոքեցաւ սրտիս ու կուրծքիս վրայ՝ Կասիոս լերան ծանրութեամբ:
Քանի մը ժամ ու Նոր Տարին կը հասնի: Լաւատեսութեամբ Նոր Տարուան առաջին ժամերը դիմաւորելու կը պատրաստուինք տոկուն կամքով, հակառակ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն:
Մէկ շաբաթ առաջ սկսած էինք պատրաստութիւնները: Թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛վ պիտի զարդարէինք Նոր Տարուան սեղանը չէինք գիտեր: Ամէն տարուան ճոխութիւնն ու բազմազանութիւնը չկային այս տարի, բայց ի՞նչ հոգ, սրտի ուրախութիւնը ո՛չ ուտելով, ոչ ալ զարդարանքով է: Այս համոզումով փորձած էինք թեթեւօրէն տանիլ ստեղծուած ծանր պայմանները: Թող մեր առողջութիւնը լաւ ըլլայ «Ա՛ս ալ կ’անցնի» ըսելով:
Նոր Տարուան գալուստը որքան մօտենար, դուրսը պայթուցիկներու ձայնը այնքան կը սաստկանար: Սովորաբար կեանքիս տարատեսակ պայմաններն ու դժուարութիւնները թեթեւօրէն կը տանիմ ու կեանքը սիրելով կ’ուզեմ խաղաղ ապրիլ, սակայն հրավառութեան պայթիւնները հոգիիս անդորրութիւնը կը խանգարէին: Մանաւանդ Քեսապի տեղահանութեան տարիներէն ետք: Անոնց ո՛չ ձայնը, ոչ ալ յառաջացուցած վախը կրցած էի յաղթահարել: Միտքս հանգիստ է, Աստուծոյ տնօրինումին կը վստահի, սակայն մարմինս ու զգացումներս ենթագիտակցութեանս հետ միասին խելքի չեն գար:
Չէ՛, չէ՛, մի՛ կարծէք թէ չեմ փորձած յաղթահարել այս սարսափը: Խօսիլը դիւրին է, ով գիտէ թէ այլոց սրտին մէջ ի՞նչ կայ, կամ ի՞նչ պայմաններէ անցած է մեզմէ իւրաքանչիւրը:
Հրացաններու կրակոցները կը սկսին, ժամը 12:00-ին քանի մը վայրկեան կը մնայ: Սիրտս արագ-արագ կը սկսի տրոփել, ողջ մարմինէս վախի սարսուռ մը կ’անցնի: Սովորական հրավառութիւն չէ, հրթիռի պայթիւն է… Բայց պէտք է հանդարտ ու անվախ մնալ՝ տղուս, հարսիս, ամուսինիս համար եւ մանաւանդ երկու թոռնիկներուս համար, որոնք փոքր են, մէկը վեց տարեկան, միւսը՝ երեք: Անոնց ուրախութիւնը պէտք չէ խանգարել, ուրեմն պէտք է ուրախ ու անհոգ ձեւանալ:
Ժամացոյցի սլաքները ողջագուրուած ու միացած զիրար կը շնորհաւորեն ու կ’աւետեն Նոր Տարուան ժամանումը: Դուրսի պայթիւնները աւելի ու աւելի կը բարձրանան ու կը սաստկանան: Եկեղեցի երթալը անհնար է, ապահով ալ չէ: Այս անգամ եւս կը զրկուինք տարիներու մեր սովորութենէն ու … կրկին զօրաւոր պայթիւն:
– Եկէ՛ք գետնայարկ իջնենք, նայինք աստիճաններուն վրայ Կաղանդ Պապային նուէրներու տոպրակէն նուէր մը ինկա՞ծ է արդեօք: Պզտիկ թոռնիկս շալկած վար կը փութամ: Ձեռքիս մէջ ամրօրէն սեղմած բջիջայինիս զանգը կը հնչէ: Ինքզինքս հաւաքելով կը պատասխանեմ զանգին. աղջիկս է՝ Լիբանանէն:
– Շնորհաւոր Նոր Տարի, մա՛մ, բարի տարիներ, առողջ օրեր կը մաղթեմ ձեզի… բայց վայրկեան մը, ո՞ւր էք, նորէն վար իջած էք: Լա՛ւ, լա՛ւ, հասկցայ, քիչ ետք կը հեռաձայնեմ:
Զաւակներս շատ լաւ ճանչցած ու հասկցած էին զիս, գիտէին հոգեվիճակս:
Կրկին բջիջայինիս ձայնն էր, մայրս էր՝ Քանատայէն: Մեր Նոր Տարին կը շնորհաւորէր, նոյն յուսախաբութեամբ ու սրտի կսկիծով ան եւս խօսակցութիւնը չշարունակեց…: Անոր յաջորդեց տալոջս զանգը՝ Հայաստանէն եւ եւ եւ…:
Չորս կողմը խաղաղելէ ետք տուն բարձրացանք. փորձեցի տրամադրութիւնս բարձր պահել գէթ երիտասարդներուն ու թոռնիկներուս համար:
Շրջան մը հազիւ միտքս ու սիրտս խաղաղած էին, հիմա անոնց մէջ ծովու այնպիսի փոթորիկ մը յառաջացաւ, որ կարծէք քիթէս բռնած ըլլար: Կը փորձեմ խորունկ ներշնչել, թոքերուս թթուածին հասցնել: Իսկ միտքս այդ ալիքներուն մէջ կը խեղդուի:
– Ի՞նչ կ’ընէք դեռ մինչեւ հիմա Քեսապ:
– Կարօտը խեղդեց մեզ:
– Ալ ի՞նչ կը սպասէք:
– Ինչո՞ւ խաղաղ կեանք մը չէք ուզեր ապրիլ:
– Աս պզտիկները իրաւունք ունին երջանիկ մանկութիւն մը վայելելու:
Անվերջ հարցումներ ու հարցադրումներ, որոնց պատասխանը ես ալ չունիմ, անոնց տարափը գլխապտոյտս կը կրկնապատկէ:
Մէջս եղած մանուկը կ’արթննայ ճարահատ, երկու ձեռքերս իրար միացուցած, թոռնիկիս սորվեցուցած Մ. Իշխանի «Նամակ Կաղանդ Պապային» բանաստեղծութեան տողերը կը մտաբերեմ. «Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա, մերթ բացակայ, մերթ ներկայ»:
Աստուած պապա, դո՛ւն որ միշտ ներկայ ես ու զիս կը լսես: Ալ նուէր չեմ ուզեր, պարզապէս առողջութեան կողքին խաղաղութիւն կ’երազեմ:
Սեւան Ա. Մանճիկեան