Արփի Արսլանեան- Սապունճեան ծնած է 28 Դեկտ. 1935-ին Հալէպ-Սուրիա, երրորդ զաւակն է Ցեղասպանութենէն փրկուած՝ մալաթիացի Սիմոն Արսլանեանին եւ արաբկիրցի Լուսիա Վարժապետեանին։ Յաճախած է Ազգային Հայկազեան վարժարան, որմէ ետք Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան ու դարձած անոր գիտական բաժնի Գ. Հունձքի շրջանաւարտներէն 1954-1955 կրթական տարեշրջանին, տնօրէնութեամբ՝ Մինաս Թէօլէլեանի։ Ամավերջի հանդէսին արտասանած է շրջանաւարտներուն ուղերձը եւ վկայուած Տ. Զարեհ Եպս. Փայասեանի ձեռամբ։ Ճեմարանը աւարտելէ ետք մեկնած է Լիբանան իր բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու Պէյրութի Ecole Superieure des Lettres-ի մէջ, հետեւելով մանկավարժութեան մասնագիտութեան։
1956-ին անդամակցած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին։
Ուսումնառութեան շրջանը յաջողութեամբ աւարտելէ եւ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանի մանկապարտէզէն ներս մասնագիտական փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, վերադարձած է Հալէպ եւ անմիջապէս ստանձնած Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը, որ վարած է ամբողջ 42 տարի, 1958-էն մինչեւ 2000 թուական։
Լիբանան գտնուած միջոցին, Սիմոն Վրացեանի կնքահայրութեամբ տուած է Դաշնակցականի իր երդումը, եւ անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, դառնալով սուրիահայ առաջին երդուեալ դաշնակցական ընկերուհին։
1960-ին մանկավարժական հմտութիւններու կատարելագործման յաւելեալ ծրագիրներու հետեւած է Սկովտիոյ University of Edinburgh-ի Moray House College of Education-ի եւ Aberdeen College of Education-ի մէջ։
1962- 1965 թուականներուն շարունակելով իր կամաւոր գործունէութիւնը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի շարքերէն ներս, մաս կը կազմէ նաեւ տեղւոյն Համազգայինի Վարչութեան։ Այդ տարիներուն անդամ եղած է նաեւ ՍՕԽ-ի Արծուիկ Խորհուրդին։
1965-ին կ’ընտրուի ՍՕ Խաչի պետական վարչութեան անդամ եւ այնուհետեւ Շրջանային Վարչութեան անդամ, ուր կը ստանձնէ փոխատենապետի պաշտօնը։
1966-ին կ’ամուսնանայ համազգայնական ու կուսակցական իր ընկերոջ՝ Զաւէն Սապունճեանի հետ։
Յաջորդող տարիներուն ընկհ. Արփի մաս կը կազմէ ՍՕԽ-ի իրերայաջորդ վարչութիւններու, եւ 1977-ին առաջին անգամ ըլլալով կը ստանձնէ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, որ կը շարունակէ վարել երկար տարիներ։
1983-ին առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը ՀՕՄ-ի համահայկական 61-րդ Պատգամաւորական ժողովին, Փարիզ, այնուհետեւ 1986-ին 62-րդ պատգամաւորական ժողովին, Միացեալ Նահանգներ։
1988-ին ՍՕ Խաչի Մայրերու Օրուան տարեկան տօնակատարութեան ընկհ. Արփի կը պարգեւատրուի միութեան «Կանթեղ» շքանշանով։
1992-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՕՄ-ի համահայկական 64-րդ պատգամաւորական ժողովին, դարձեալ ներկայացնելով ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը։
Նոյն տարին կ’ընտրուի Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական ժողովի անդամ, պաշտօն մը որ կը վարէ մինչեւ 2013։
1993-ին, իր 35 տարուան կրթական ծառայութեան համար կը պարգեւատրուի «Ազգային Հայկազեան Վարժարանի» շքանշանով։
1995-ին Լոս Անճելըսի մէջ գումարուած ՀՕՄ-ի պատգամաւորական 65-րդ ժողովին, Սուրիան առաջին անգամ ըլլալով կ’ունենայ իր ներկայացուցիչը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմին մէջ, յանձին ընկհ. Արփի Սապունճեանի, որ իր բացակայութեան կ’ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
1996-ին Արփի Սապունճեան իր բազմամեայ կրթական ծառայութեան ու հասարակական գործունէութեան համար ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կը պարգեւատրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
1998-ին եւ 2001-ին յաջորդաբար կը մասնակցի ՀՕՄ-ի Պատգամաւորական համահայկական 66-րդ եւ 67-րդ ժողովներուն, Նիւ Ճըրզիի եւ Աթէնքի մէջ, իսկ 2004-ին՝ ուղեկից միութիւններու եւ ՀՕՄ-ի Միջին Արեւելքի խորհրդաժողովներուն, Պէյրութ։
2005-ին կը մասնակցի ՀՕՄ-ի 100-ամեակի Հիմնադրամի հիմնադիր ժողովին Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս եւ այնուհետեւ կը գլխաւորէ ՍՕ Խաչի դրամահաւաքի յանձնախումբը։
2010-ին ՍՕ Խաչի 90-ամեակին առիթով կ’արժանանայ ՀՕՄ-ի 50 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան «Պատուոյ Գնահատագիր»-ին, որպէս անձնուրաց ՀՕՄ-ուհի։
2011-ին կը պարգեւատրուի Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբի «Մայրական Երախտագիտութեան» մետալով, առ ի գնահատանք Արցախի մէջ կատարած իր ծառայութիւններուն։
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան բազմավաստակ ատենապետուհի ընկհ. Արփի Սապունճեանի միութենական ու հասարակական գործունէութեան տարիներուն հալէպահայ գաղութն ու յատկապէս Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը ապրեցաւ ակներեւ վերելք։ 1983-ին, երբ որոշուեցաւ կառուցել ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, ընկհ. Արփին ստանձնեց այդ պատասխանատու գործը ղեկավարելու պարտականութիւնը։ Իր խաչուհի ընկերուհիներուն եւ անոնց գործին հաւատացող ազգային բարերարներու զոհողութեան, յարատեւ աշխատանքին եւ անձնուիրութեան շնորհիւ, այդ կեդրոնը իրականութիւն դարձաւ, կեանքի կոչուեցաւ ու իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին բարգաւաճեցաւ եւ զարգացաւ։ Կեդրոնի դարմանատնային զանազան բաժանմունքները (ատամնաբուժական, ակնաբուժական, կանացի եւ այլ) արդիական սարքաւորումներով օժտուելէ ետք, ընկհ. Արփի հալէպահայ կարիքաւոր կանանց հայեցի ապահով միջավայրի մէջ գործի առիթ ստեղծելու նպատակով, յղացաւ գաղափարը ընկերաբժշկական կեդրոնի ներքնայարկը վերածելու կարի աշխատանոցի, որ շատ արագ դարձաւ միութեան եկամտաբեր ձեռնարկութիւն։
Ընկհ. Արփիի մշտական ու մայրական հոգածութեան ներքոյ մնացին Ազգային Պատսպարանն ու հոն պատսպարուած երեխաները, միշտ նախանձախնդիր ըլլալով անոնց հայեցի դաստիարակութեան ու բարօր կեանքի ապահովման։
Մի՛շտ հաւատալով հայ կնոջ ներուժին, եւ սուրիահայ համայնքէն ներս անոր կենսական դերակատարութեան, ընկհ. Արփի զարկ տուաւ ՍՕ Խաչի անդամահաւաքին, ու հետամուտ եղաւ ՍՕ Խաչի շարքերը համալրելու երիտասարդ ու համալսարանաւարտ անդամներով, անոնց գործունէութեան նոր դաշտեր ստեղծելով։ Ան մղեց հայ կինը, որ իր տան պարտականութիւններուն կողքին հարստացնէ իր գիտելիքները, կազմակերպեց լեզուի, համակարգիչի գործածութեան, եւ այլ դասընթացքներ, հզօրացնելու անոր կարողութիւնները։
Ազգ. Հայկազեան վարժարանի որպէս մանկապարտիզպանուհի իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, իր կրթական գործունէութեան ճամբով նաեւ ջանաց կոտրել կարծրատիպերը եւ համոզել այր մարդոց, որ գործունեայ կինը մի՛շտ լաւ մայր է, իսկ կիներու կարողականութեան ամրապնդումը կը նպաստէ նաեւ հաստատուն հիմքերով ընտանիքի ստեղծման։
ՍՕ Խաչն ու Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզը իր ամէնօրեայ գործունէութեան դաշտերը ըլլալու զուգահեռ, Հայաստանն ու սփիւռքահայութեան զանազան հարցերը մի՛շտ մնացին ընկհ. Արփիի ուշադրութեան կեդրոնը։ 1988-ի Սպիտակի տարերային երկրաշարժի ու այնուհետեւ Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն, համահայկական զօրակցական արշաւին մէջ մեծ դեր ունեցաւ Արփի Սապունճեան, ՍՕ Խաչի իր ընկերուհիներուն հետ միասին, կազմակերպելով օժանդակութեան հետեւողական արշաւներ։ Հայաստանի մութ ու ցուրտ տարիներուն, նոյն յանձնառութեամբ, երբ սուրիահայ գաղութը կը հիւրընկալէր Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներ, գեղարուեստի խումբեր, հանրային անձնաւորութիւններ եւ անհատներ, ընկհ. Արփին դարձեալ պատնէշի վրայ էր իր ընկերուհիներով, հոգալու անոնց կենցաղային, առողջապահական եւ այլ կարիքները։
Ընկհ. Արփի իր ժրաջան աշխատանքով ու վարակիչ աշխուժութեամբ օրինակ դարձաւ միութենական իրերայաջորդ սերունդներուն, որոնք հակառակ Սուրիոյ տագնապալի օրերուն շարունակեցին կանգուն պահել նուիրական այս միութիւնը իր տարածուն գործունէութեամբ, մասնաճիւղերու համակարգով եւ անդամներու պատուաբեր վաստակով։
Ան երկարամեայ իր ծառայութեամբ, նուիրեալ միութենականի գիտակցութեամբ եւ ղեկավարի հմտութեամբ դարձաւ հալէպահայ գաղութի ողնասիւներէն մէկը, եզակի անձնաւորութիւն մը, որ վայելեց համայնքին յարգանքը, թէ՛ որպէս մանկավարժ, թէ՛ որպէս ազգային հասարակական գործիչ, նուիրեալ միութենական եւ հաւատաւոր Դաշնակցական։ Ան արժանաւոր ժառանգորդն էր իր հօր՝ կուսակցական գործիչ Սիմոն Արսլանեանի, որ Ցեղասպանութենէն փրկուելով մեծ նպաստ ունեցած էր ՀՅԴ-ի Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի կազմակերպական կառոյցի յառաջացման մէջ։
Ընկհ. Արփի, որպէս առաջին սուրիահայ կուսակցական ընկերուհի, ջանք չխնայեց հալէպահայ երիտասարդուհիները մղելու, դառնալու միութենականներ՝ հանդիսանալով առաջին կին կուսակցականը, որուն կնքամայրութեամբ ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի շարքերը համալրուեցան երիտասարդուհիներու առաջին խումբով, որոնք իրենց դաշնակցականի երդումը տալով իրենց կարգին կամաւոր ծառայութեամբ գործի լծուեցան ՀՅԴ շարքերէն եւ ուղեկից միութիւններէն ներս ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։
Այս բոլորի կողքին, Արփի Սապունճեանը եղաւ հոգատար մայր իր զաւակներուն՝ Մարիային, Արտային եւ Լորիկին, պարտաճանաչ տանտիկին ու կողակից իր ամուսինին՝ Զաւէնին, որուն հիւանդութեան տարիներուն, ստանձնեց անոր խնամատարութիւնը հրաժարելով մանկապարտիզպանուհիի իր պաշտօնէն։
2012-ին Արփի Սապունճեան տեղափոխուեցաւ Լիբանան այնուհետեւ Քանատա, միանալու իր երեք դուստրերուն եւ անոնց ընտանիքներուն, մասնաւորաբար եօթ թոռներուն՝ Գէորգին, Պաղտիկին, Կարինին, Յովսէփին, Անտրէ- Արմէնին, Հրակին ու Արէնին։
Արփի Սապունճեան մահացաւ 87 տարեկանին Մոնթրէալի մէջ, Քանատա, 11 Յունուար 2023-ին, իր ետին ձգելով երկար տարիներու վաստակ։
Ընկհ. Արփիի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 14 Յունուար 2023-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութեան կարգը գլխաւորեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, Բերիոյ թեմի երկարամեայ Առաջնորդ Սուրէն Արք. Եպս. Գաթարոյեան։ Արարողութենէն ետք, ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային Վարչութեան անունով դամբանական արտասանեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Ժամկոչեան-Փալանճեան, որ ընկերուհիին միութենական երկարամեայ ծառայութեան անդրադառնալու կողքին, փոխանցեց յուշեր եւ վկայութիւններ։
ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէի անունով դամբանական արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Հատիտեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ ընկերուհիին ծաւալած կուսակցական գործունէութեան։ ընկհ. Արփիի ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց դուստրը՝ Լորիկ Սապունճեան- Ծատուրեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ ընկհ. Արփիին կորուստին ցաւը միայն իր ընտանիքին չէ, այլ բազմահազար հայորդիներու, որոնք ընկհ. Արփին ճանչցած են, որպէս մանկապարտիզպանուհի, կրթական մշակ, դաստիարակ, ծառայասէր խաչուհի, նուիրեալ միութենական ու կուսակցական։ Յուղարկաւորութենէն ետք, ընկհ. Արփիի մարմինը հարազատներու եւ սգակիրներու ընկերակցութեամբ, տեղափոխուեցաւ Լաւալի Les Jardins Urgel Bourgie գերեզմանատունը, եւ հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով Լի»-ի երգեցողութեամբ։