-Սուրիական Վառելանիւթի Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ քարիւղային արտադրութիւններու ներածման ընթացքի կարգաւորման լոյսին տակ, սուրիական նահանգներուն տրամադրուած պէնզինի եւ մազութի քանակը աւելցաւ։ Նահանգներուն տրամադրուած մազութի ընդհանուր քանակը հասաւ 5 միլիոն լիթրի, իսկ պէնզինինը՝ 3 միլիոն լիթրի, օրական դրութեամբ։ Այսպիսով քանակի բարելաւման տոկոսը հասաւ մօտաւոր 75%-ի։