-Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ խստիւ դատապարտեց ԱՄՆ-ի վարչակազմին եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի Նախարարութեան ենթակայ արդիւնաբերութեան եւ ապահովութեան գրասենեակին որոշումը՝ սուրիական առողջապահութեան հատուածին դէմ, որուն համաձայն սուրիական պետական եւ անձնական հիւանդանոցներուն կ՚արգիլուի տարբեր տեսակի օգնութիւններ կամ ծառայութիւններ տրամադրելը։

Նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ անյապաղօրէն միջամտելու եւ վերջ տալու ԱՄՆ-ի ոտնձգութիւններուն։