Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Պաշշար ալ -Ճաաֆարի հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի միջազգային կազմակերպութիւններու հարցերու փոխանորդ Սերկէյ Ֆերշենէնի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մասշտապով արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յարկէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, կողմերը յայտնեցին քաղաքական կարգ մը հարցերու շուրջ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նոյնանման մօտեցումները, շեշտելով Դամասկոսի եւ Մոսկուայի գործակցութեան գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ երկու երկիրներու շահերուն։

Կողմերը անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ վրայ արեւմուտքի բանեցուցած տնտեսական պատժամիջոցներու աղէտալի ազդեցութեան, աւելցնելով, որ անոնք արգելք կը դառնան մարդասիրական օգնութիւններու, ներառեալ սնունդի եւ դեղորայքի հասանելիութեան։