ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան 19 Յունուարին հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանին հետ եւ փոխանցած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին Փասատինայի տեղական ենթայանձնախումբին կողմէն ուղարկուած Փասատինայի քաղաքապետ Վիքթոր Կորտոյի յայտարարութիւնը՝ ի զօկացութիւն Արցախի ժողովուրդին եւ անոր պայքարին։ 22 Դեկտեմբեր 2022_ի յայտարարութեամբ, որ կը կրէ քաղաքին դրոշմը, Փասատինայի քաղաքապետը կ’անդրադառնայ Սեպտեմբեր 2020_ին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին, Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումին, հասունցող մարդկային ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Փասատինայի հայ համայնքին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդները ըլլալու հանգամանքին։

Վիքթոր Կորտոն, յայտարարութեան վերջաբանին մէջ օգտագործելով Մարթին Լուտեր Քինկի «Որեւէ վայրի մէջ անարդարութիւնը ամէնուր արդարութեան սպառնալիք է» յայտնի խօսքերը, քաղաքային խորհուրդի անունով զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին։

Գէորգ Ղուկասեան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներու աշխարհասփիւռ ցանցը լայնածաւալ աշխատանքներուն ընթացքը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան շահերու, Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջազգային ճնշումները ուժեղացնելու ուղղութեամբ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
20.01.2023