19 Յունուարին Եւրոխորհրդարանը Լաչինի միջանցքի հարցով բանաձեւ ընդունած է, որով Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է անյապաղօրէն բանալու Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը եւ ձեռնպահ մնալ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ երթեւեկային, ելեկտրականութեան եւ հաղորդակցական կապերը խափանելու գործելակերպէն։

Եւրոմիութեան օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչները ՄԱԿ-ին եւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղած են փաստահաւաք ընելով առաքելութիւն գործուղելու Լաչինի միջանցք եւ յորդորելու կողմերը վերսկսելու խաղաղութեան բանակցութիւնները: