ԱՇԽԱՏՈՂ ՄԱՅՐԵՐԸ ԿԸ ԹԵՐԱՆԱ՞Ն ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
21-րդ դարուն կնոջ աշխատանք ունենալը արդէն սովորական երեւոյթ դարձած է: Սակայն եթէ կինը ունի ընտանիք, զաւակներ եւ համապատասխան պարտականութիւններ, արդեօ՞ք ճիշդ է, որ աշխատի, կարեւոր պաշտօններ ստանձնէ  եւ աշխատանքի վայրին մէջ անցընէ օրուան մեծ մասը:
Թերեւս իւրաքանչիւր անձ այս հարցումներուն տարբեր պատասխաններ տայ, քանի որ մարդիկ տարբեր են, իւրաքանչիւր ընտանիք՝ իւրայատուկ է, մօտեցումները՝ նոյնպէս:
Վերջերս Հարուըրտի համալսարանը հետաքրքրական հետազօտութիւն մը կատարած է, ըստ որուն աշխատող մայրերու զաւակները աւելի մեծ կարելիութիւններ ունին յաջողութիւններու հասնելու, մանաւանդ, իգական սեռի ներկայացուցիչները, որոնց մայրերը աշխատանքի անցած են նախքան իրենց դուստրին 14 տարիքը ամբողջացնելը: Այս հարցումին մասնակցած են 18-էն 60 տարեկան տարիքային խումբի 50.000-էն աւելի անհատներ, աւելի քան 25 ազգութեան պատկանող:
Ուստի քանի մը խորհուրդ այս ուսումնասիրութեան լոյսին տակ.
1- Ձեր փոքրիկին հետ շատ ժամանակ անցուցէ՛ք: Յիշեցէ՛ք, որ երբեք չէք կրնար վերադարձնել այն պահերը, զորս 1-1,5 տարի անցուցած կ’ըլլաք ձեր մանուկին հետ, տան մէջ:
2-Կարելիութեան պարագային ընտրեցէ՛ք կէսօրեայ կամ ազատ աշխատանք: Այսպիսով, օրուան մէկ կէսը անցընելով աշխատավայրին, միւս կէսը՝ ձեր ընտանիքին ու զաւկին հետ:
3-Եթէ պարտաւոր էք լրիւ ժամով աշխատիլ, դիմեցէ՛ք որեւէ անհատի օգնութեան, որպէսզի գէթ ձեր կենցաղային գործերը կատարէ ու դուք պարպուիք ձեր զաւկին հետ ժամանակ անցընելու:
4-Եթէ ձեր ընկերութիւնը աշխատող մայրերուն համար աւելի կարճ աշխատանքային ժամ սահմանած է, անպայման օգտուեցէ՛ք այդ դրութենէն: Յիշեցէ՛ք, որ գործը երբեք չի վերջանար, իսկ ձեր փոքրիկը տունը անհամբեր ձեզի կը սպասէ:
5-Աշխատանքէն  դուրս  ձեր ժամերը օգտագործեցէ՛ք խելամտութեամբ: Եթէ կը փափաքիք ձեր մանուկին հետ երկար ժամանակ անցընել, պէտք է ընտրէք ժամանցի այնպիսի ձեւեր, որոնց կը մասնակցի նաեւ փոքրիկը: Ժամանակը նոյնպէս պէտք է օգտագործել շատ արդիւնաւէտ կերպով. Հրաժարիլ պէտք է այնպիսի գործերէ կամ հանդիպումներէ, որոնք ժամանակի վատնում կը համարուին:
6- Ժամանակ տրամադրեցէ՛ք հանգստանալու: Շատ կարեւոր բան է ասիկա, որ յաճախ շատերս մոռացութեան կու տանք: Ամբողջովին նուիրուելով աշխատանքին, իսկ երեկոյեան ընտանեկան պարտականութիւններուն՝ կանայք յաճախ կը մոռնան իրենք զիրենք: Այս երեւոյթը, շատ երկար ժամանակի վրայ, անհետեւանք չի կրնար մնալ: Գերյոգնածութիւնը յաճախ մայրերուն անբաժան ընկերն է, սակայն եւ թշնամին, քանի որ յոգնածութիւնը ընկճախտի կրնայ առաջնորդել,ջղային կրնայ դարձնել ձեզ ,բնականաբար բացասաբար ազդելով ձեր զաւկին վրայ:
7- Եթէ նկատէք, որ աշխատանքին պատճառով ձեր զաւակները կը տուժեն, մի՛ անտեսեք այս երեւոյթը: Յարգելի են այն կանայք, որոնք ժամանակաւորապէս կը հրաժարին իրենց  աշխատանքէն ու զաւակներու դաստիարակութեամբ կը զբաղին: Լաւ կշռադատելէ ետք որոշում  գոյացուցէ՛ք եւ երբեք մի՛ վախնաք ձեր զաւակները մեծցնելէ ետք աշխատանքի վերադառնալէ:
Յիշեցէ՛ք, եթէ փափաք ունիք, միշտ կրնաք վերականգնել ձեր հմտութիւններն ու գիտելիքները:
Մի՛ մոռնաք, որ կնոջ առաքելութիւնը երջանիկ  զաւակներ դաստիարակելն է նաեւ: Ուստի համադրեցէ՛ք ձեր աշխատանքն ու զաւկին նկատմամբ ձեր պարտաւորութիւնները, որպէսզի գտնէք այս երկուքին հաւասարակշռութիւնը եւ դուք ձեզ չզրկէք ո՛չ աշխատանքէ, ո՛չ մայրական գուրգուրանք ջամբելէ:
Աշխատող մայրը յաճախ աւելի կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել ե՛ւ իր ընտանիքին, ե՛ւ զաւակներուն համար: