ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ Պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանդիպումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը 73 – 69 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ ՀԵԸ-էն:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ փուլի մրցումներու ծիրին մէջ, Հալէպի Ահլին 66 – 61 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին, իսկ Հոմսի մէջ Ուահտէն 74-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Քարամէն: Հալէպի ճալաաը պարտութիւն մը եւս արձանագրելով 52-46 արդիւնքով զիջեցաւ Նաուաիրին:
– Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը, Ալպասմա ընկերութեան հետ առաջարկած է Դամասկոսի մէջ կազմակերպել արաբական ակումբներու մրցաշարքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐԻ ՔԼԱՍԻՔԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ Ի ՆՊԱՍՏ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻՆ
Անգլիոյ առաջնութեան 20-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին «Օլտ Տրաֆորտ» մարզադաշտին մէջ 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Մանչէսթըր Իւնայթըտէն: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ հաւասար արդիւնքով: Կազմերը երկրորդ կիսախաղին խտացնելով իրենց յարձակումները կրցան վտանգի ենթարկել դարպասները: 60-րդ վայրկեանին, Սիթիի կիսապաշտպան Քէվըն Տէ Պրոյնէն գնդակը ստացաւ, Գրիլիշը նշանակեց կազմին միակ կոլը, որմէ ետք 78-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլը նշանակեց փորթուկալցի խաղացող Պրունօ Ֆերնանտէզը: 5 վայրկեան անց, հոլանտացի Էրիկ Տէն Հաքիի գլխաւորած խումբի յաղթանակի կոլը նշանակեց անգլիացի յարձակող Մարքոս Ռեշֆորտը:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐ ԳԱՒԱԹԻՆ ՏԻՐԱՑԱՒ 
Կիրակի երեկոյեան, Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ Քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ սուփըր գաւաթի աւարտական մրցումը, որուն աւարտին Պարսելոնան 3 – 1 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը եւ տիրանալ բաժակին: 33-րդ վայրկեանին, սպանացի կիսապաշտպան Կաւին, որ վերջերս ընտրուած էր տարուան լաւագոյն երիտասարդ խաղացողը, նշանակեց քաթալոնէական ակումբին առաջին կոլը, որմէ տասը վայրկեան ետք լեհ մարզիկ Լեվանտովսկին Կաւիյէն ստանձնած գնդակով կրկնապատկեց արդիւնքը: Սոյն կիսախաղին Ռէալը միայն մէկ անգամ կրցաւ վտանգի ենթարկել Պարսելոնայի դարպասը: Երկրորդ կիսախաղը ընթացաւ նոյն կերպով: Կաւին անգամ մը եւս յաջող գնդակի փոխանցում մը կատարեց ու Բետրին նշանակեց երրորդ կոլը: Արքայական ակումբի ֆրանսացի յարձակող Քարիմ Պենզեման հանդիպումի յաւելեալ ժամուն արձանագրեց կազմին միակ կոլը եւ հանդիպումը աւարտին հասաւ 3 – 1 արդիւնքով: Նշենք որ այս 14-րդ անգամն է որ Պարսելոնան ձեռք կը ձգէ Սպանիոյ սուփըր գաւաթը, մինչդեռ Ռէալ մնաց 12 բաժակով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան