Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ այցելեց Հալէպի մուֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքամին։ Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ՝ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան, տիար Գուրգէն Գալուստեան եւ տիար Արմէն Գասպարեան։

Հալէպի մուֆթին անդրադարձաւ սուրիահայութեան անկեղծութեան, հաւատարմութեան եւ Սուրիոյ վերականգնումի ծիրէն ներս անոր բերած գործօն մասնակցութեան։

Եղբայրական ջերմ սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր եւ համագործակցաբար անոնցմէ դուրս գալու կարելիութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին համերաշխ գոյակցութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ սերտ գործակցութեան, որ օրինակ կը հանդիսանայ ողջ աշխարհին։

Սրբազան Հայրը, թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Հալէպի մուֆթիին եւ սուրիական հայրենիքին ու Սուրիոյ ժողովուրդին մաղթեց բարգաւաճ ու ծաղկուն տարիներ։