2012-ին, ՀՕՄ-ի «Տաք Ճաշ»-ի ծրագիրին շնորհիւ, Սուրիոյ պատերազմի օրերուն հայ թէ արաբ բնակիչներուն կը մատուցուէր պնակ մը համեղ ու տաքուկ ճաշ, որպէս օգնութիւն։ Ճաշը կը պատրաստուէր ՍՕ Խաչի «Փեթակ» խոհանոցին մէջ եւ կը բաժնուէր խնամատարական Յանձնախումբի ընկերուհիներուն ձեռամբ։ Այսօր, յետպատերազմեան շրջանի բազում դժուարութիւնները՝ գաղթը, սղաճը, տնտեսական ծանր վիճակը, սուրիական թղթոսկիի անկումը եւ երկրի տնտեսական շրջափակումը պատճառ դարձած են որ մարդիկ ոչ թէ սնունդի, այլ գուրգուրանքի, տաքուկ բնակարանի, ընտանեկան ջերմութեան, սիրոյ կարիք ունենան։
ՍՕ խաչի ընկերուհիները, յատկապէս Շրջանայինի Խնամատարական Յանձնախումբը, մայրական այս գուրգուրանքն է, որ կը ներդնեն իրենց ծառայութեան մէջ ու կը փութան աշխատանքի։

Ժողովուրդին երկար ժամանակի վրայ ծառայութիւն մատուցելը, սակայն, կը կարօտի նիւթական ներդրումի, իսկ Շրջանային Վարչութիւնը որքան ալ իր յանձնախումբերու հասութաբեր աշխատանքներուն վստահի, կարելիութիւն պիտի չունենայ շաբաթը երեք օր, փուլ առ փուլ մատակարարելու 472 ընտանիքի պնակ մը տաք ճաշ, եթէ ազնիւ բարերարներու օժանդակութիւնը վրայ չհասնի։

ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին մէկ շառաւիղը հանդիսացող Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիները այս նուիրեալ աշխատանքին կը լծուին՝ Սուրիոյ իրենց ընկերուհիներուն ձեռք երկարելու եւ նիւթական օժանդակութեամբ ծրագիրին շարունակականութիւնը ապահովելու։
Անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դրամահաւաքի ազնիւ բարերարներէ, որոնք չեն վարանիր իրենց լուման ներդնելու բարեսիրական այս ծրագիրին։
Նուիրատուութեանց մեկնարկը կը կատարուի, այլ խօսքով՝ հունտը կը ցանուի, կաթիլ առ կաթիլ կը սրսկուի բարերարներու եւ ազնիւ մարդոց լումաներով, ապա բեղմնաւորուած ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով կը ղրկուի ՍՕ Խաչին։
ՍՕ Խաչի անդամուհիները գործի կը լծուին, մէկդի թողած իրենց իսկ դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Անոնք սիրով եւ նուիրական աշխատանքով կը ջանան ժողովուրդի զաւակներուն օգնութիւն՚ան փութալ՝ հոգատար մայրերու նման։
Շաբաթական հերթական ժողովներուն կը ճշդուին ճաշատեսակները, նախընտրաբար հայկականները, շաբթուան սկիզբը ընթացք կ՚առնէ շուկայի աշխատանքը։ Խաչուհիները կը ջանան լաւագոյնը յարմար գիներով ձեռք բերել։ «Փեթակ» խոհանոցին մէջ ալ օր մը առաջ կը պատրաստուին ճաշին բաղադրիչները։ Երեքշաբթի Հինգշաբթի եւ Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն յանձնախումբի հերթապահ ընկերուհին եւ ատենապետը կը մտնեն խոհանոց եւ կը սկսին խոշոր կաթսաներով ճաշի պատրաստութիւնը, ետքը մնացած ընկերուհիները կը միանան անոնց։ Ճաշը կը լեցնեն պնակներուն, կը տեղադրեն տոպրակներու մէջ եւ մէկ առ մէկ կը բաժնեն ներկայացող ընտանիքներուն, չմոռնալով տաքուկ ժպիտ մը եւ անուշ խօսք մըն ալ կցել անոնց։ Իսկ այն անհատները, որոնք կարողութիւն չունին ներկայանալու, մեր ընկերուհիները սիրայօժար իրենց բնակարաններ կը հասցնեն ճաշը։ Եւ այսպէս ո՜չ ցուրտ, ո՛չ տաք օրերուն կը դադրի աշխատանքը։ Ամբողջ տարի մը կ’անցնի եւ երբ կը մօտենան տօնական օրերը՝ կը բաշխուին նաեւ տեսակաւոր սննդեղէնէ տոպրակներ։

28 Դեկտեմբեր. զարդարուած սեղաններով սրահը կաղանդ կը բուրէր, ներկաներուն ուրախութիւնը ակնյայտ էր իրենց ուղղած երախտապարտ ու ջերմ մաղթանքներուն շնորհիւ։ Այստեղ են նաեւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ՝ հարստացնելու մթնոլորտը ծննդեան երգերով ու նուագներով։ Ներկաներէն երէց մը կը սկսի երգել ու տրամադրութիւն բարձրացնել։ Մամիկներ բարձր կը գնահատեն աշխատանքը այն ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք հեռաւոր ափերէն կը փորձեն մեղմացնել իրենց դժուարութիւնները ու ջերմութիւն պարգեւել։