Եւրոպական խորհրդարանը 18 Յունուարին` Եւրոպայի միասնական արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան իրականացման 2022 թուականի հաշուետուութեան վերաբերեալ բանաձեւէն մէկ օր ետք, 19 Յունուարին որդեգրած է նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ բանալու Բերձորի միջանցքը, կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը եւ կ՛առաջարկէ զանոնք փոխարինել ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահներով:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Եւրոպական խորհրդարանը,
– հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ իր նախկին բանաձեւերը,
– հաշուի առնելով իր կանոնակարգի 144(5) եւ 132(4) կանոնները,
Ա. հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Լաչինի միջանցքը, 12 դեկտեմբեր 2022-էն վեր փակուած է Ազրպէյճանի ինքնահռչակ բնապահպաններու կողմէ, որովհետեւ ատիկա խաթարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող 120000 հայերու համար հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, ներառեալ սնունդի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի հասանելիութիւնը` փաստացի շրջափակման մէջ դնելով զանոնք,
Բ. հաշուի առնելով, որ շրջափակումը յանգեցուցած է մարդասիրական ծանր ճգնաժամի, որ զգալիօրէն ազդած է առաւել խոցելի բնակչութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը գրեթէ անկարելի է, ստեղծուած կացութեան պատճառով մէկ մահ արձանագրուած է, հարիւրաւոր ընտանիքներ կը մնան կիսուած,
Գ. հաշուի առնելով, որ այս մարդասիրական ճգնաժամը առաւել եւս խորացած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ բնական կազի մատակարարման խափանման պատճառով, որուն պատճառով տուները, հիւանդանոցներն ու դպրոցները մնացած են առանց ջեռուցման,
Դ. հաշուի առնելով, որ պահպանելով Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, Ազրպէյճան կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, որով Ազրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ միջանցքի երկու ուղղութիւններով շարժող մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը,
Ե. հաշուի առնելով, որ Լաչինի միջանցքի օգտագործման խոչընդոտները ետ կը մղեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը եւ կը խաթարեն միջազգային վստահութիւնը:
1. Կը ցաւի Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ողբերգական մարդասիրական հետեւանքներուն համար:
2. Ատրպէյճանը կը յորդորէ յարգելու եւ իրականացնելու 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը` կարելիութիւն ընձեռելով ազատ տեղաշարժելու եւ ապահովելու հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը` այդպիսով երաշխաւորելով անվտանգութիւնը շրջանին մէջ եւ ապահովելով բնակիչներու ապրուստը:
3. Կ՛ընդգծուի համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքները եւ զերծ մնալու իր հրահրիչ հռետորաբանութենէն, որ կոչ կ՛ուղղէ խտրականութեան ենթարկել հայերը եւ հայերուն կոչ կ՛ուղղէ լքելու Լեռնային Ղարաբաղը:
4. Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ձեռնպահ մնալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ փոխադրամիջոցային, ուժանիւթային եւ հաղորդակցութեան կապերու գործունէութիւնը խաթարելէ:
5. Խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եւ քաղաքային հասարակութեան կազմակերպութիւնները քաւութեան նոխազ դարձնելը եւ Եւրոպական Միութեան ու անդամ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ աջակցելու անոնց աշխատանքին:
6. Կը դատարապտէ ռուս «խաղաղապահներու» անգործութիւնը, կը գտնէ, որ անոնց ՄԱԿ-ի լիազօրութեան տակ ԵԱՀԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով փոխարինումը պէտք է դառնայ հրատապ բանակցութիւններու նիւթ:
7. Միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ տրամադրելու անարգել մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ` կացութիւնը գնահատելու եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար:
8. Կոչ կ՛ուղղէ` ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Լաչինի միջանցք` տեղւոյն վրայ մարդասիրական կացութիւնը գնահատելու համար:
9. Կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ վերսկսելու բանակցութիւնները` առանց նախապայմաններու` հիմնուած Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ:
10. Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` եռանդուն կերպով ներգրաւուելու եւ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս պատանդ չըլլան Պաքուի աքթիւիզմին, Ռուսիոյ ապակառուցողական դերին եւ Մինսքի խմբակի անգործութեան:
11. Ան իր նախագահին կը յանձնարարէ սոյն բանաձեւը փոխանցել Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ միջազգային կառոյցներուն»: