Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթը աւանդաբար կը յիշատակուի Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը:
Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, եկեղեցիներու միութեան աղօթք կատարուեցաւ Կիրակի, 22 Յունուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արարողակարգին հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ գտնուեցան հոգեշնորհ հայր սուրբը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, պատուելիներ եւ ժողովուրդի զաւակները, որոնք դիմաւորուեցան «Ս.Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ շրջանաւարտ աշակերտներուն կողմէ։
Օրուան բնաբանն էր՝ Եսայի մարգարէութեան հետեւեալ համարը. «Բարութիւն ընել սորվեցէ’ք, իրաւունքը փնտռեցէ’ք…»: (Ես 1.17)
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Ան փառք եւ գոհութիւն առաքեց Երկնաւոր Հօր, հայցելով, որ իր խաղաղութիւնը մեր հոգիներուն մէջ տեղ գտնէ: Քահանայ հայրը ողջունելով հայ ժողովուրդի զաւակները ի Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, փառք տուաւ Ամենակալին, որ այս տարի եւս առիթ ընծայեց հայ երեք համայնքապետներուն նախագահութեամբ եկեղեցիներու միութեան աղօթք կատարելու եւ «Ռատիօ Երազ»-ի առցանց սփռումին ճամբով ամբողջ աշխարհը մեզի հետ աղօթակից դարձնելու:
Արարողակարգին սկիզբը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Երկրորդ մասով, հոգեպարար արարողութեամբ իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուցիչ աղերսանք բարձրացուց առ Աստուած, հետեւեալ խորագրերով.
1- Գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ աղօթքի ճամբով հաւատացեալները իրար միացնողն է:
2- Թողութիւն հայցենք Հօր Աստուծմէ, քրիստոնէական միաբանութեան դէմ մեր գործած յանցանքներուն համար:
3- Խնդրենք, որ Տէր Աստուած միաբան հաւատքի մէջ հաստատուն պահէ մեզ:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ մէկութեան գաղափարը ձեւակերպուած է Հայր Աստուծոյ, Որդիին եւ Ս. Հոգիին մէկ աստուածութեան կառոյցին մէջ: Հետեւաբար, ան յայտնեց, որ եկեղեցիները եւ հաւատացեալները հրաւիրուած են մէկ ըլլալու եւ հոգեւոր հասունութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին առաւել մօտենալու Աստուծոյ եւ նմանելու անոր, օրհնուելու եւ սնուելու անոր մէկ ըլլալու բնութենէն:
Օրուան բնաբանին ընդմէջէն վերապատուելին անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ներկայ իրավիճակին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, յայտնելով, որ եկեղեցին հրաւիրուած է բարութիւն ընել սորվելու եւ սորվեցնելու, իրաւունքը փնտռելու եւ իրաւազրկուածներուն իրաւունքը պաշտպանելու:
Վերապատուելին մաղթեց, որ հայ եկեղեցին վերանորոգէ իր ուժը, վերայստակացնէ իր տեսիլքը եւ իր ստանձնած եկեղեցական եւ ազգային առաքելութեան ջանքերը ի դերեւ չ’ելլեն:
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց քրիստոնեաներու համամիութեան ուղեգիծի երեք մակարդակ.-
– Հոգեւոր մակարդակ, երբ զանազան եկեղեցիներէն եկող քրիստոնեաներ, զանազան լեզուներով միասին կ’աղօթեն միութեան համար:
– Բարեսիրութեան, մարդասիրութեան եւ բարիք գործելու մակարդակ, որուն խօսուն օրինակն է հայ երեք համայնքապետերուն հովանաւորութեամբ գործող Հայ Ծերանոցը:
– Աստուածաբանական երկխօսութեան մակարդակ, երբ եկեղեցիներ համաշխարհային մակարդակի վրայ զանազան թեմաներով կը խորհրդակցին եւ կը խօսակցին:
Գերապայծառը անդրադառնալով հայ ժողովուրդի միասնականութեան, երեք մակարդակներուն վրայ աւելցուց նաեւ նահատակութեան միութիւնը, որովհետեւ մեր ժողովուրդի նահատակները կորիզն ու խորհրդանիշն են մեր միասնականութեան:
Գերապայծառը մաղթեց, որ Ամենակալը մեր մէջ հրահրէ աղօթքի ոգին, որպէսզի բարիք ընելով, իրարու հետ գործելով եւ խորհրդակցելով վառ պահենք մեր նահատակներուն սուրբ յիշատակը:
Հուսկ, իր պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան: Ան դիտել տուաւ, որ երբ կ’աղօթենք եկեղեցիներու միութեան համար, օրուան բնաբանին ընդմէջէն իւրաքանչիւրս պատասխանատուութեան կը կոչուինք, որպէս Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէկ անդամը:
Հետեւաբար, եկեղեցիներու միութիւնը կ’իրականանայ միայն Քրիստոսով, որ կենդանի օրինակը եւ մեծագոյն սէրը հանդիսանալով, մեր սրտերուն մէջ աստուածային սէրը արծարծ կը պահէ:
Մակար սրբազան նշեց, որ հայ ժողովուրդը միութիւն հասկացութիւնը իր կեանքով վկայեց:
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ միութիւնը ճշմարտապէս ապրինք՝ մէկ դառնալով եւ Քրիստոսի խաղաղութիւնն ու սէրը ապրելով, կատարեալ խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ, որպէսզի վայելենք աստուածային երանութիւնը:
Աւարտին, ներկաները միաբերան աղօթք արտասանեցին, ապա երեք համայնքապետերու օրհնութեան աղօթքէն ետք հաւատացեալները հոգեկան գոհունակութեան մեկնեցան եկեղեցիէն։
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան