Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 23 Յունուարին Ելիսէեան պալատին մէջ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Էմանուէլ Մաքրոնն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները քննարկած են 12 Դեկտեմբեր 2020-ին Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնացող սպառնալիքներուն։ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեան ողջունած են Ֆրանսայի նախագահի կողմէն իրենց ցուցաբերած ուշադրութիւնը եւ յոյս յայտնած են, որ Ֆրանսան աւելի աշխուժացնէ դերակատարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պաշտպանութեան համար: