Քրեմլինը յայտարարած է, որ Ռուսիա իբրեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու մասնակից կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ բարդ աշխատանք կը տանի Երեւանի ու Պաքուի հետ: Լրագրողներու այն հարցումին թէ արդեօ՞ք Քրեմլին համաձայն է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Ատրպէյճանին ուղղած կոչին՝ անյապաղօրէն բանալու Լաչինի միջանցքը, Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով ըսած է. «Ռուսիա իբրեւ երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութիւններու եւ փաստաթուղթերու կողմ, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները, կը շարունակէ չափազանց քրտնաջան ու բարդ աշխատանքը եւ՛ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ»։ Թէ որոշակիօրէն ո՞ր հարցերու շուրջ Մոսկուան բարդ աշխատանք կը տանի երկու երկիրներուն հետ, Քրեմլինի խօսնակը չէ յստակացուցած։