Պանիասի քարիւղի զտարանէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ երկու միլիոն հում քարիւղի տակար կրող երկու քարիւղատար հասաւ Պանիասի նաւահանգիստ, ուր անմիջապէս տեղադրուեցաւ զտարանի ամբարներուն մէջ։ Աղբիւրը աւելցուց, որ քարիւղային արտադրութիւններու ներածման գործողութիւնը կայուն է, հետեւաբար նահանգներու քարիւղային արտադրութիւններու յատկացուած քանակը պիտի աճի։