Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 25 Յունուարին հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյւօ Քլաարի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու աւագ խորհրդական Մակտալենա Կրոնոյի հետ։ Անոնք քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճան իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ կը խաթարէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման Հայաստանի ջանքերը: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ, նաեւ կարեւոր համարուած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական մշտադիտարկման նոր առաքելութիւն հաստատելու որոշումը՝ նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի նպաստէ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման։