Այսուհետեւ համացանցի վրայ ընթերցողը կրնայ գտնել «Դրօշակ»-ի 2023 թուականի առաջին թիւը։ Ըլլալով օրուան հրատապ հարցերուն հետ, «Դրօշակի» ներկայ թիւի նիւթերու հիմնական նիւթը առնչուած է Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ յատկապէս Արցախի շրջափակման։ Համարի առաջնորդողին մէջ անդրադարձ կատարուած է արտաքին ազդեցութիւններու տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած անհեռանկար ու վտանգաւոր քաղաքականութեան՝ յատկապէս իր դաշնակիցներուն նկատմամբ եւ նոյնքան վտանգաւոր սիրաբանութեան Հայաստանն ու Արցախը խեղդել փորձող թշնամիներուն հետ։
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան «Ռուսիոյ տարածաշրջանային շահերը։ Ինչպէ՞ս Յարաբերիլ Մոսկուայի Հետ» խորագիրին տակ քննական հայեացքով կը վերլուծէ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ, ինչպէս եւ Ռուսիոյ տարածաշրջանային ներկայ քաղաքականութիւնը։ Իրանագէտներ Նարէ Գէորգեան եւ Ժաննա Վարդանեան կ’անդրադառնան Հայաստանին եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հանդէպ դրացի ու դաշնակից Իրանի վերաբերմունքին, որ իր արտացոլումը կը գտնէ, յատկապէս փորձագիտական շրջանակներու մեկնաբանութիւններուն մէջ։ Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան իր կարգին լուսաբանած է Միացեալ թագաւորութեան հետաքրքրութիւնները տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որ պայմանաւորուած է, յատկապէս, տնտեսական այն գործարքներով, որոնք գոյութիւն ունին այս երկրին եւ Ատրպէյճանին միջեւ։
ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Արաքս Փաշայեան կ’անդրադառնայ հայ-հնդկական դարաւոր կապերուն եւ կ’արժեւորէ համաշխարհային քաղաքական մեծ կշիռ ունեցող բարեկամ երկրի հետ Հայաստանին արդիւնաւէտ ու հեռանկարային կապերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը։ Ազգային անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Արփի Աբրահամեան կ’անդրադառնայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս եւ Եւրոմիութեան ոչ համարժէք արձագանգին Ատրպէյճանին շեշտուած հակահայ գործողութիւններուն։
2003-ի մեկնարկային թիւին մէջ «Դրօշակը» կը ներկայացնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս: «Դրօշակ» 2023-ի առաջին թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: