ՍԱՆԱ-ի Հալէպի թղթակիցը յայտնեց, որ Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին զոհերուն թիւը հասաւ 16-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 4-ի: Փլատակներուն տակ մնացածներուն փրկելու աշխատանքները կը շարունակուին բժշկական եւ քաղաքցիական պաշտպանութեան խումբերուն կողմէ: Շէնքը կը բաղկանար 5 յարկերէ, իսկ անոր փուլ գալուն պատճառը շէնքի սիւներուն ջուրի մէջ ողողուած ըլլալն է:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Կիրակի, 22 Յունուարին Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ փուլ եկած էր հինգյարկանի շէնք մը, որուն մէջ եօթ ընտանիք կը բնակէր: