Մենք՝ հայերս, դարերէ ի վեր, միշտ եղած ենք ընթերցասէր ու քաջալերած հայ գիրն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ գրիչն ու հայ գրողը:
Ո՛չ մէկ կասկած:
Սակայն ինչո՞ւ յանկարծ այս յառաջաբանը: Ըսե՛մ:
Հաւանաբար, շատ շատերու նման, ես ալ շնորհակալութեամբ ստացած եմ այն ե-նամակը, որուն մէջ կը յիշուէր, թէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը արդէն երեսուն տարեկան դարձած է, եւ կը խնդրուի այս առթիւ սրտի խօսք մը արձանագրել, եւ ընթերցողը հաղորդակից դարձնել անձնական մտածումներու եւ մտքի հարազատ թափառումներու:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, նման «հրաւէրներ» միշտ դիմաւորած եմ խանդավառութեամբ, որովհետեւ նպատակը սրտիս շատ մօտ է: Եւ ի տես այս ե-նամակին, յանկարծ հաճելի յուշեր սկսած էին արթննալ մտքիս մէջ: Չէ՞ որ իմ կարգիս, ես ալ, շատ տարիներ առաջ, պատանեկութեանս շրջանին, հայերէն լեզուի ուսուցիչ՝ Զուլալին քաջալերանքով, շաբաթ օրերը մուտք գործած էի այդ օրերու «Արեւելք» օրաթերթի հին ու մեծ շէնքէն ներս, գաղութի «մեծ» մարդոց խճողումին մէջ, իբրեւ արաբերէն լուրերու եւ յօդուածներու սկսնակ ու համեստ «թարգմանիչ»:
Վայրկեանին, բազմազան յուշեր ծնունդ առնելով իրենց հետ իմ ծննդավայր Հալէպէն ինծի բերին անուշ դէպքեր եւ դէմքեր: Տեսակ մը հաճելի աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն: Ու չես գիտեր ինչերէ մեկնած, սկսած էի իր ձագերը կորսնցուցած հաւու նման այդ յուշերուս ետեւէն «վազել», միաժամանակ ապրելով նոր եւ անժամանակ տագնապներ: Այլ խօսքով… անմոռանալի եւ նոյնքան ալ պատմական օրերու յիշատակներ…:
Պէտք է ըսել, թէ ծննդավայրիս հանդէպ իմ դրսեւորած սիրոյ եւ կարօտի այս զգացումները, ամբողջովին հարազատ մտածումի արդիւնք են:
Արդ, միտքս ամփոփելով կ’ուզեմ նաեւ շեշտել, որ իր ծնունդէն ի վեր հայ մամուլը, միայն լուր տարածող միջոց մը չէ եղած, այլ՝ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, մեր ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներուն տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:
Այլ խօսքով՝ հայ մամուլը, իբրեւ ծառայասէր, դարերու իր կեանքով ու գործով, մեր ազգին ճամբայ ցոյց տուած է: Ու ամէն առիթով կրկնած եմ, թէ հայ մամուլը, հայուն  անբաժան մասնիկը նկատուած է: Ան տառապած է ու տակաւին կը տառապի անոր հետ, կ’ուրախանայ եւ բաժնեկից կը դառնայ անոր յաջողութիւններուն: Այսպէս, հայը իր մամուլով հաղորդ մնալով հանդերձ աշխարհին, հայրենիքին եւ Սփիւռքին, իր հայութիւնն է, որ կը փնտռէ անոր մէջ: Նաեւ կը փնտռէ իր ընդհանրական կեանքը, հայու ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան պատկերներուն հետ:
Եւ ահա հարազատ օրինակ մը, հայ մամուլի անբաժան մէկ զաւակը, մեր սիրելի Հալէպի «Գանձասար»-ը, որ այս օրերուն երեսուն տարեկան է, եւ որ իր ծնունդէն ի վեր, իրերայաջորդ խմբագիրներու շունչին տակ հաղորդ պահած է մեր մայր գաղութը, Սփիւռքն ու հայրենիքը, հայութեան եւ Հայաստանի մտահոգութիւններուն, յաջողութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն, յըստակ բառերով պարզ գրուած բաց գիրքի նման:
Ու պատիւ իրեն, հակառակ անցեալին եւ ներկային տնտեսական ծանր դժուարութիւններուն, «Գանձասար» երեք տասնամեակներէ ի վեր, իր շուրջ համախմբելով գաղութի, հայրենի եւ սփիւռքեան մեծ ու փոքր գրիչները, բոլորին գիտակից նուիրումին եւ զոհաբեր աշխատանքին շնորհիւ, ինքզինք  պահած է եւ կը պահէ իր արթուն պահակի դերին մէջ, առոյգ եւ նոյնքան ալ բարգաւաճ:
Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք:
Տակաւին աւելին՝ «Գանձասար»-ը քալեց եւ տակաւին կը քալէ դէպի իր ժողովուրդը, ազգային խորքով եւ չափով, իր պատկանած երկրին եւ գաղութին ակնկալութիւններով բեռնաւոր, անոր ստեղծագործ իրականութիւնը գնահատելով:
Երեսունամեակ: Յոբելենական թուական մը: Թուական մը, որ կազմուած է զանազան ծանր զոհողութիւններով եւ անսակարկ նուիրումով:
Իմ կարգիս, կը հաւատամ, որ յոբելենական թուականները կ’ապահովեն իրենց պատկանած հաստատութեան գոյութիւնը, յարատեւութիւնը,  բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը: Անոր համար տեղին է, որ կատարուին արժեւորումներ, քննադատութիւններ եւ իրականութեան լոյսին բերուին անոր վաստակն ու ցարդ ձեռք ձգած յաջողութիւնները եւ ինչու չէ տրուին նաեւ գնահատականներ:
Այս պարագային անձնապէս կը հաւատամ, որ յոբելեարէն աւելի, մեր գնահատանքին եւ նուիրումին չափն է կարեւոր:
Ինծի համար «Գանձասար»-ը իր գաղութին միակ լայն պատուհանն է, աշխարհին եւ յատկապէս հայ աշխարհին նայելու: Ան է նաեւ, որ ազգային, մշակութային եւ քաղաքական հարցերու կողքին, հասած է ու տակաւին կը հասնի իր շրջանի բոլոր «կարիքներուն», մտքի ու հոգիի հաճոյքի ապրում բերելով իր հետ: Անոր համար ան կոչուած է ըլլալու յատուկ պատկերն ու հայելին՝ սփիւռքեան մեր մայր գաղութին:
Ըսի չէ՞։ Այս օրերուն «Գանձասար»-ը երեսուն տարեկան է:
Ան կոչուած է դառնալու անսակարկ ծառայութիւն մատուցող ներկայութիւն մը՝ Հալէպի գաղութէն ներս, անոր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշողը եւ արարքները գնահատողն ու քննադատողը: Այսպէս, հայրենիք, Հայաստան, եկեղեցիներ, գաղութ եւ հայ գաղութներ, սփիւռքներ, հայ մշակոյթ, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, հայ վարժարաններ եւ ճեմարաններ, իրեն համար մնայուն արժէքներ ըլլալով հանդերձ, անոնց մասին ինք կը խօսի եւ անոնցմով կը տագնապի եւ նոյնքան ալ կը հպարտանայ:
Պարզ իրականութիւն է, որ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին: Բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք ձեւով մը մեզ բազմաշերտ դարձած են: Արցախ, Հայաստան, սփիւռքներ, Հայ Դատ, եւ այլն ամէնօրեայ հայու ամէնօրեայ հեւքին մաս կը կազմեն արդէն:
Բայց անկախ այս բոլորէն, կը հաւատամ նաեւ, որ ներկայ այս ընդհանրական տառապանքը, ամրացուցած է մեր ժողովուրդի գոյութեան պայքարը: Որքան որ հոսանքը ուժգին ըլլայ, այնքան թիավարողին ճիգը հզօր կ’ըլլայ, ըսած են մեր մեծերը: Ու ճիշդ են:
Միւս կողմէ, բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք թէ համակարգիչը, «ինթըրնէթ»-ի կայքէջերը, «այ ֆօն»-ներն ու «այ բատ»-երը, ձայնասփիւռներն ու պատկերասփիւռները, իրենց լուրեր հաղորդելու եւ փոխանցելու արագ եւ նորագոյն միջոցներով կը խանգարեն մամուլին հեզասահ գործընթացը: Սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ այս բոլոր նշեալները գործնականապէս չեն կրնար մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշել, մեր արարքները գնահատել եւ քննադատել ու դառնալ ստեղծագործ իրականութիւն մեր բոլորին տուներէն ներս:
Միայն հայ մամուլին վերապահուած են այս դերերը։ Շնորհիւ ընկերներու, համակիրներու եւ մանաւանդ զոհաբերող աշխատակիցներու անվերապահ աջակցութեան, ան կը մնայ արթուն դրօշակիրը մեր սիրելի կազմակերպութեան խօսքին ու մտքին: Ու գաղտնիք մը չէ, որ «Գանձասար»-ը գօտեպնդուած շրջանի ընկեր-ընկերուհիներուն ու գաղափարակիցներուն վստահութեան եւ աջակցութեամբ, կու տայ Սփիւռքի եւ հայրենի մարդուն կեանքին պատկերը:
Յստակ են ներկայիս մեր ժողովուրդին նիւթական աննպաստ պայմանները:
Անոր համար էական է զօրավիգ կանգնիլ ու նպաստել հայ մամուլի այս անդամին, անոր գոյատեւման եւ բարգաւաճման բոլոր աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Որովհետեւ չմոռնանք, որ մամուլը կ’ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներուն նիւթաբարոյական նեցուկին:
Կը հաւատամ, որ իր երեսնամեակին նուիրուած բոլոր անկեղծ ու սրտանց բարեմաղթութիւնները, առանց բացառութեան, նոր իմաստ, նոր թարմութիւն պիտի բերեն «Գանձասար»-ի կեանքի նոր օրերուն:
Արդ, ժողվելով ապրումներս ու պահերս, իմ կարգիս սրտէս ու հոգիէս բխող շնորհաւորական եւ քաջալերական անկեղծ ու ջերմ խօսքերս եւ զգացումներս կը հասցէագրեմ մեր այս երիտասարդ շաբաթաթերթին ու անոր անխոնջ խմբագիրին, խմբագրական կազմին, պաշտօնեաներուն, իր էջերուն հայ գիրին եւ մշակոյթին գեղեցկութիւնը խընկարկողներուն, հովանաւորողներուն եւ նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերողներուն, միաժամանակ մաղթելով անոր յարատեւութիւն, յաջողութիւն եւ բարգաւաճում, որպէսզի ան շարունակէ հայ մտքի, ոգիի եւ հոգիի անվերապահ «մատուցողի» իր լուսաւոր ճանապարհը:
Մինչ այդ՝ տարեդարձդ շնորհաւոր սիրելի՛ եւ յարգելի՛ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Գէորգ Պետիկեան